Լա Հէյի մէջ տեղի ունեցած շարժարուեստի Movies That Matter փառատօնին (2023 Մարտ 24-էն Ապիլ 1), «Հանդիսատեսի մրցանակ» անուանակարգին մէջ, քուէարկութեամբ առաջին հանդիսացած է «Աւրորայի լուսաբացը» վաւերագրական պատկերաշար ժապաւէնը։
Հայաստանի շարժարուեստի ազգային կեդրոնէն հաղորդած են, թէ ֆիլմը նաեւ նշանակուած էր «Արդարութեան տեսախցիկ» (Camera Justitia) մրցանակին։ Ժապաւէնը արժանացած է նաեւ դատակազմի յատուկ յիշատակութեան (Special Mention)։
Նշենք, թէ սոյն փառատօնը մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան նուիրուած կարեւոր ձեռնարկներէն է, որ տեղի կ՚ունենայ խաղաղութեան եւ արդարութեան միջազգային քաղաք՝ Լա Հէյի մէջ։