ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 4-ին հիւրընկալած է երգահան-խմբավար Լորիս Ճգնաւորեանը:
Վարչապետը հետաքրքրուած է երաժիշտին ընթացիկ գործունէութեամբ եւ յոյս յայտնած որ ան կը շարունակէ նոր հեղինակային ստեղծագործութիւններով հարստացնել հայ երաժշտարուեստը:
Հանդիպումին քննարկուած են Ճգնաւորեանի նոր ստեղծագործութիւնները հայրենիքի մէջ ներկայացնելու կարելիութիւններն ու հեռանկարները:
Նշենք, թէ իրանահայ խմբավարը 2019 թուականին Իրանի կողմէ ՄԱԿ-ի խաղաղութեան դեսպան նշանակուեցաւ։