Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Ֆրանսայի նախկին վարչապետ Էտուար Ֆիլիփը

Փետրուար 21-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հիւրընկալած է Ֆրանսայի նախկին վարչապետ, Հաւրի քաղաքապետ Էտուար Ֆիլիփի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէր եւրոերեսփոխանուհի Նաթալի Լուազօ, ծանօթ՝ իր հայանպաստ դիրքորոշումով, Եւրոպական խորհրդարանին մէջ եւ անկէ դուրս: 

Վարչապետը ընդգծած է ֆրանքեւհայկական յարաբերութիւններու ամրապնդման ուղղութեամբ պարոն Ֆիլիփի գործադրած ջանքերը, բարձր գնահատելով վերջինիս Հայաստան եւ յատկապէս Սիւնիքի մարզ այցելութիւնը: 

Ֆրանսացի դիւանագէտը նշած է, որ Գորիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Արցախահայերուն հետ, որոնք Բերձորի միջանցքի փակ ըլլալուն պատճառով չեն կրնար վերադառնալ Արցախ: 

Այս համածիրին մէջ շեշտուած է միջանցքի ապաշրջափակման ուղղութեամբ միջազգային հանրութեան շարունակական ուշադրութեան ու հետեւողական քայլերու կարեւորութիւնը՝ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական, բնապահական եւ ուժանիւթի ճգնաժամը յաղթահարելու նպատակով: