Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն արուեստի թանգարանը Յովհաննէս Այվազովսքին դասած է ազգութեամբ ուքրաինացի նկարիչներու շարքին

 

Նիւ Եորքի Մեթրոփոլիթէն արուեստի թանգարանը (Le Metropolitan Museum of Art de New York) Յովհաննէս Այվազովսքին դասած է ուքրաինացի նկարիչներու շարքին։ Այդ մասին կը վկայեն թանգարանի կայքին տեղադրուած տուեալները, ուր Այվազովսքիին յատկացուած յօդուածին մէջ նշուած է, թէ ան ուքրաինացի է։

Նախապէս ալ այս թանգարանը ֆրանսացի նշանաւոր նկարիչ Էտկար Տըկայի «Ռուս պարուհի» կտաւը վերանուանած էր «Ուքրաինական զգեստով պարուհին»։