Այսօր՝ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 27-ին «Նոր Յառաջ» կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 13-րդ տարեդարձը։ «Յառաջ» օրաթերթի փակումէն ետք, ո՞վ կը հաւատար որ Ֆրանսայի մէջ նորայայտ հայատառ թերթ մը, տասներեք տարի պիտի դիմանար։
Դիմացաւ շնորհիւ «Յառաջ»-ին հաւատարիմ մնացած ընթերցողներուն, որոնց միացան նորերը։ Դիմացաւ շնորհիւ «Յառաջ»-ի կարգ մը աշխատակիցներու, մտաւորականներու, որոնց նաեւ միացան նորերը։ Դիմացաւ շնորհիւ հայկական մշակոյթին, լեզուին, նախնիներուն ստեղծագործութեան, զոհողութեան, ժառանգութեան յարգը գիտցող սերունդին, որուն համար թերթը ամէնօրեայ իր տեղեկատւութեամբ, մշակոյթը, լեզուն, գիտութիւնը, համայնքային կեանքը կենսաւորող միջոց է։ Դիմացաւ նաեւ բոլոր անոնց շնորհիւ որոնք իրենց քսակը, իրենց ղեկավարած կազմակերպութեան քսակը լայն բացին թերթին տարեկան բացը գոցելու համար։
Շաւարշ Միսաքեանի դուստրը՝ Արփիկ Միսաքեան կը խոստովանէր, թէ հօրը յանկարծակի մահէն ետք 1957-ին, շատեր չէին հաւատար որ «Յառաջ» կրնար գոյատեւել. նոյնիսկ Արփիկ Միսաքեանին համար՝ «հինգ տարի չի դիմանար», ըսեր էին։ Սակայն Արփիկ յամառօրէն հաւատացած էր թերթին առաքելութեան։ Պարտք զգացած էր շարունակելու հօրը առաքելութիւնը։ Շարունակեց թերթին հրատարակութիւնը անշեղ կերպով հօր գծած ուղիին հետեւելով։
Հինգ կամ տասներեք տարի դիմանալ չի նշանակեր յաղթանակել։ Չի նշանակեր գոհանալ եղածով։ Տեղեկատուական աշխարհը անդադար յեղաշրջումներ կ՚ապրի, պէտք է քայլ պահել նորարարութեան հետ։ Սակայն, նիւթականէն անդին, նոր սերունդին հետ կապը պահելը, հայկական ժառանգութեան տէր կանգնելու գիտակցութիւնը անոր փոխանցելը կը մնայ գլխաւոր մարտահրաւէրը բոլոր ժամանակներու, մասնաւորապէս Սփիւռքի տարածքին։ Եւ այս գործին մէջ բնականաբար կարեւոր դերակատարութիւն ունի մամուլը։ Եւ ոչ միայն մամուլը։ Շաւարշ Միսաքեան պահ մը կը զղջայ իր դուստրը թերթի խմբագրութեան ասպարէզ նետած ըլլալուն։ Արփիկ Միսաքեան ստանձնեց հօր ժառանգութիւնը եւ զայն փոխանցելու տագնապին մատնուեցաւ։ Մօտէն չէ ուսումնասիրուած անոր յիսնամեայ կենսափորձը իբրեւ թերթի խմբագիր-տնօրէն, չէ ուսումնասիրուած անոր ներդրումը։
Արփիկ Միսաքեան ֆրանսահայութեան պատմութեան առեղծուածային անձնաւորութիւններէն է։ Երիտասարդութեան, իր ուսանողական կեանքէն ու կարգ մը ճամբորդութիւններէն դուրս, կեանքը թերթն էր։ Թերթէն դուրս կեանք չունէր՝ տունէն-խմբագրատուն, խմբագրատունէն-տուն։ Անձնուրաց, կէս դարէ աւելի, գիշեր-ցերեկ «Յառաջ» օրաթերթին հրատարակութեան նուիրած էր կեանքը։ Տպաւորիչ է թերթին անկախութեան համար անոր մղած պայքարը, որ եղած է իր գլխաւոր մարտահրաւէրը, որուն համար պայքարած է համոզումով, գօտեպնդուած ըլլալով իր հօր սկզբունքային կեցուածքով։ Պայքարած է կուսակցականապաշտ մտայնութեան դէմ, անկախ տպարան, անկախ խմբագրատուն ունենալու համար։ Նիւթական անկախութիւն ապահովելու համար դիմած է թերթէն զատ՝ գրական երկերու, գրական թերթի հրատարակութեան, կատարած ըլլալու համար հօրը ցանկութիւնը։ Այսօր ալ «Նոր Յառաջ»-ի համար պայքարը նոյնն է՝ անկախութիւն, եւ փոխանցում՝ նոր սերունդի։
Նկատի առնելով Հայաստանի եւ Սփիւռքի հայութեան դիմագրաւած գոյութենական մարտահրաւէրները, 13-րդ տարեդարձի տօնակատարութեան փոխարէն, այս առիթով Արփիկ Միսաքեանի նուիրուած ՅԱՌԱՋ 83 վաւերագրական շարժանկարը անվճար կերպով բոլորին հասանելի կը դարձնենք norharatch.com կայքէջին վրայ։ Այնտեղ արձանագրուած է Արփիկ Միսաքեանի կենսափորձը։ Ան կը պատմէ «Յառաջ»-ին մասին, իր մասին, հօր՝ Շաւարշ Միսաքեանի մասին։ ՅԱՌԱՋ 83 շարժանկարը «Յառաջ» օրաթերթին նուիրուած եռագրութեան առաջին բաժինն է, որ հեղինակած է շարժադրող Արբի Յովհաննիսեան, որուն գլխաւոր դէմքը Արփիկ Միսաքեանն է։ Առաջին եւ միակ ցուցադրութիւնը կատարեցինք «Նոր Յառաջ»-ի 10-րդ տարեդարձին առթիւ «Անաքօ» տափանաւուն վրայ։ Պսակաձեւ ժահրը, 2020-ի Արցախեան պատերազմը խանգարեցին անոր հանրային այլ ցուցադրութիւնները, երեւոյթին մասին հասարակական անդրադարձը եւ ֆիլմին արծարծած խնդիրներու քննարկումը։
Ժ.Չ. ■