Լիբանանահայ Նոպէլեան մրցանակակիր Արտեմ Փաթափութեան թուիթըրեան իր գրառումով հաղորդած է, թէ Բերձորի միջանցքի փակման առնչութեամբ հարկաւոր է գործողութիւններու ձեռնարկել:
«Միջազգային հանրութիւնը պէտք է ուշադրութիւն կեդրոնացնէ հայերու դէմ Ազերպայճանի կառավարութեան անմարդկային արարքներուն վրայ: Շատեր քննադատած են շրջափակումը, սակայն հարկաւոր է գործողութիւններու ձեռնարկել»,– նշած է ան, իր գրառումին կցելով CNN-ի հրապարակած յօդուածը՝ Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետևանքով Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր կացութեան մասին: