Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Հայկական հողերուն վրայ հռչակուած նորելուկ «հանրապետութիւն» մը՝ «Զանգեզուրի թրքական հանրապետութիւն»

Ըստ թուրք մամուլին՝ քանի մը օր առաջ իր անկախութիւնը հռչակած է «Արեւմտեան Զանգեզուրի մէջ հիմնուած՝ ամբողջական անուանումով “Կէօյճէ-Զանգեզուրի թրքական հանրապետութիւն”»-ը, որ Թուրքերու հրապարակած քարտէսին համաձայն՝ ամբողջութեամբ հայաստանեան հողերու վրայ է, արեւմուտքին՝ մինչեւ Սեւանայ լիճ։ Ուշագրաւ է, որ քարտէսին վրայ բոլորովին անհետացած է նաեւ Արցախը։  

Թուրքիա անմիջապէս ճանչցած է այս նորելուկ միաւորը։ Արդէն, «Զանգեզուրի թրքական հանրապետութիւն»-ն ալ իր առաջին «ներկայացուցչական գրասենեակ»-ը բացած է Թուրքիոյ մէջ։ 

Այսպէս, Անգարայի վարչական Չանքայա թաղամասին մէջ հաստատուած գրասենեակին բացման արարողութեան մասնակցած են «Զանգեզուրի թրքական հանրապետութեան նախագահ» Ռիզվան Թալիպով եւ «նախագահի օգնական» Մեհմէտ Ալի Արսլան։ 

Վերջինս իր ելոյթին մէջ ըսած է.- “40 տարուան պատրաստութեան արդիւնք է այս։ Օսմանեան տարածքին մաս կազմող այդ հողերուն 1918-էն ի վեր՝ 100 տարի գերեվարումը մեր կրծքին մխրճուած թուր մըն էր, որ ահա այսօր հոս, այլեւս երբեք յետդարձ չընելու պայմանով՝ կը թաղենք պատմութեան մութ էջերուն մէջ, 44-օրեայ պատերազմէ մը ետք, շնորհիւ պայքարի ոգիով տոգորուած բարեկամներու, շնորհիւ պայքարի ոգիով տոգորուած մեր զինուորներուն”։ 

Իսկ Թալիպով, իր «Հանրապետութեան» ներկայացուցչական առաջին գրասենեակին Թուրքիոյ մէջ բացումէն զգացած մեծ գոհունակութիւնը արտայայտելով, ըսած է. “Մենք մէկ ազգ, երկու պետութիւն ենք”։ 

Ի դէպ, Վիքիփետիա կը գրէ, թէ «Հանրապետութեան» հիմնադրութեան մասին դեռ պաշտօնական ոչ մէկ յայտարարութիւն կատարուած է, ոչ ալ Թուրքիա որեւէ պաշտօնական յայտարարութիւն հրապարակած է զայն ճանչնալուն մասին։ 

Իսկ ինչ կը վերաբերի անոր աշխարհագրական դիրքին՝ նոյնպէս ըստ Վիքիփետիայի՝ «Ազերպայճանէն կախեալ ինքնավար այս երկիրը կը գտնուի հարաւային Կովկասի մէջ։ Ան դրացի է արեւմուտքէն Նախիջեւանի եւ Թուրքիոյ, արեւելքէն՝ Ազերպայճանի, հիւսիսէն՝ Վրաստանի, հարաւէն՝ Իրանի եւ հիւսիս-արեւմուտքէն Հայաստանի հետ»։

* * *

Անկասկած, թուրքեւազերի նուաճողական քաղաքականութեան ծրագրին մէկ փուլը կը հանդիսանայ այս խեղկատակութիւնը, որու դերին վստահաբար, նորանոր զարգացումներով վերահասու պիտի ըլլանք։