Ապրիլ 15-ին, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Գրողներու միութեան արտակարգ համագումարը։
«Արցախփրէս»-ի համաձայն` մինչ օրակարգային հարցերուն քննարկումը ներկաները յարգանքի տուրք մատուցած են Արցախեան պատերազմներուն նահատակուած հայրենեաց պաշտպաններու յիշատակին։
Գրական ընտանիքը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է նաեւ վերջերս կեանքէն հեռացած Գրողներու միութեան նախագահ, բանաստեղծ Վարդան Յակոբեանի յիշատակը։
Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Նորեկ Գասպարեան ընտրուած է Արցախի Գրողներու միութեան նախագահ:
“Համատեղ ուժերով ամէն ինչ անելու ենք, որպէսզի Գրողների միութեան գրական քաղաքականութիւնը բաւականին ընդգծուած լինի եւ ինչքան հնարաւոր է բարձրացնի գրողի հեղինակութիւնը»,– ընտրուելէ ետք ըսած է Նորեկ Գասպարեան: