Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նոր դաշինքներ առանց անվտանգութեան երաշխիքի

Հայ-ազերպայճանական բանակցութիւնները կանոնաւոր կերպով տեղի կ՚ունենան առանց տեսանելի յառաջընթացի եւ միջազգային դաշինքներու վերակազմաւորման ենթախորքին։ 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մեթիու Միլըր յատկանշական բանաձեւում մը տուած է գործընթացին, ըսելով որ հայ-ազերպայճանական բանակցութիւններու յաջողութեան նշանը անոնց շարունակութիւնն է։ «Մենք կը շարունակենք հաւատալ, որ համաձայնութիւն ձեռք բերելը հնարաւոր է եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք հետագայ բանակցութիւններուն յառաջիկայ ամիսներուն»։ Ամէն ինչ ըսուած է, կարեւորը բանակցիլն է, նոյնիսկ եթէ այդ ընթացքին Ազերպայճան Արցախի իր շրջափակումը եւ Արցախահայութեան հանդէպ իր ցեղասպանական, ցեղային զտման քաղաքականութիւնը կը շարունակէ, նոյնիսկ եթէ անօդաչուով յարձակում կը գործէ, սպանելով արցախցի չորս զինուորներ…

Այսպէս, երկրորդ անգամ ըլլալով Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներ՝ Արարատ Միրզոյեան եւ Ճեյհուն Պայրամով, Ուաշինկթընի մէջ Յունիսի վերջաւորութեան եռօրեայ բանակցութիւններ վարեցին, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Պլինքընի մասնակցութեամբ։ Այնուհետեւ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը միջազգային հանրութեան յիշեցուց Արդարադատութեան Լա Հէյի ատեանի երկրորդ վճիռը, ըսելով՝ «Արդարադատութեան միջազգային ատեանը վերահաստատեց իր որոշումը՝ Ազերպայճանը պարտաւորեցնելով Լաչինի միջանցքով ապահովելու անարգել մուտք։ Ազերպայճան պէտք է ամբողջութեամբ կատարէ Միջազգային ատեանի Փետրուար 22-ի որոշումը՝ առանց շահարկումի»։ Սակայն ո՞վ է լսողը։

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մարիա Զախարովա կոչ ըրաւ Ազերպայճանին Բերձորի միջանցքը բանալու համաձայն 2020 Նոյեմբերի եռակողմ յայտարարութեան տրամադրութեան։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը եթէ անցեալին չէր համարձակեր ուղղակի պատասխանել Ռուսաստանի կոչերուն, ներկայիս Պայրամով առանց վարանելու՝ ոչ թէ կ՚անտեսէ, այլ կը հակադրուի անոր ըսելով. «Ազերպայճանական պետութիւնը ունի հարցերը լուծելու իր տեսակէտը՝ միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն ու սկզբունքներուն համապատասխան։ Մենք մեր քաղաքականութիւնը կը վարենք ոչ թէ այս կամ այն մարդոց կոչերուն համաձայն, այլ մեր ազգային շահերէն մեկնած։ Վստահ ենք, որ այս քաղաքականութիւնը դրական արդիւնքներու պիտի յանգի»։

Աւելին՝ Պայրամով նոյնքան ուշագրաւ յայտարարութիւն մը կատարեց որ կ՚ամփոփէ Ազերպայճանի բանակցային ռազմավարութիւնը. «44-օրեայ Հայրենական պատերազմէն եւ անոր մեր յաղթանակէն ետք, մեր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը այդ յաղթանակի ամրագրումն է իրաւական եւ դիւանագիտական մակարդակներու վրայ, անոր ընդունումը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ։ Ասոր զուգահեռ կը շարունակուին այս հարցը բանակցութիւններու սեղանին շուրջ լուծելու ուղղութեամբ ջանքերը»։ Ան չէ մոռցած յիշեցնել, որ կողմերը բանակցութիւններ կը վարեն հաղորդակցութեան ուղիներու բացման շուրջ, որ պէտք է մեկնաբանել իբրեւ Սիւնիքի միջանցքը Հայաստանին պարտադրելու միջոց։

Միացեալ Նահանգներ հայ-ազերպայճանական բանակցութիւնները կը դիտարկէ ռուս-ուքրաինական պատերազմին եւ Արեւմուտք-Իրան հակադրութեան ծիրէն ներս։ Այս դիտանկիւնէն յատկանշական է Հայաստանի Անվտանգութեան խուրհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յատուկ այցը ԱՄՆ, ուր ան տեսակցեցաւ Ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդական Ճեյք Սալիվընի հետ, քննարկելու համար տարածաշրջանային եւ աւելի լայն՝ արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները։ Այստեղ ուշագրաւ է «արտատարածաշրջանային անվտանգային իրավիճակն ու մարտահրաւէրները» բանաձեւումը։ Նկատի ունենալով, որ Հայաստան Ազերպայճանի եւ Թուրքիոյ հետ իր խնդիրները լուծելու դժուարութիւն ունի, ԱՄՆ-ու Ազգային անվտանգութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կը դիտարկէ մասնաւորապէս արտատարածաշրջանային մարտահրաւէրներու տեսանկիւնէն, այսինքն՝ Ռուսաստան, Իրան, եւ ընդհանրապէս Արեւմուտք-Արեւելք ձեւաւորուող նոր դաշինքներու շրջածիրին մէջ, ուր Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած չէ։  

Ժ.Չ. ■