Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմի եւ անձամբ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, վերջերս լոյս տեսած է «Հայ բանասիրութեան հեռանկարներ. ուսումնասիրութեան եւ ուսուցման արդի խնդիրներ» ժողովածուն, Լոս Անճըլըս – Երեւան, 2025, 247 էջ։ Հատորին մէջ ամփոփուած են ԱՄՆ-ու Արեւմտեան թեմի կազմակերպութեամբ եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանի համագործակցութեամբ 2024 Յուլիսին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայ բանասիրության հեռանկարներ» միջազգային առաջին գիտաժողովին նիւթերը, որոնք կ՚առնչուին հայագիտութեան այս կարեւոր բնագաւառի ընելիքներուն։
Գիտաժողովին մասնակցած են Հայաստանի, ԱՄՆ-ու, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ, Գերմանիոյ անուանի եւ երիտասարդ հայագէտներ, բանասէրներ, գրականագէտներ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։