Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկը լոյս ընծայած է Սողոմոն Թէհլիրեանի «Վերյիշումները» գործի անգլերէն թարգմանութիւնը, ուր վրիժառուին կողմէ մանրամասնութեամբ կը նկարագրուի Հայոց ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուներէն՝ Թալաաթ Փաշայի ահաբեկումը, Պերլինի մէջ։
Այս հետաքրքրական հրատարակութիւնը իրագործուած է՝ շնորհիւ Լոնտոնի «Կոմիտաս» հիմնարկի ղեկավար Արա Սարաֆեանի աշխատանքին։ Հատորը թարգմանած է Պետօ Տէմիրճեան։ Յատկապէս օտար կարդացողին աւելի հարազատօրէն ներկայացնելու համար, ամենայն բծախնդրութեամբ հրատարակուած է «Remembrances: The Assassination of Talaat Pasha» վերտառութեամբ գիրքը։
Հ․Յ․Դ․ բիւրոյի ցուցմունքին վրայ Սողոմոն Թէհլիրեան ծրագրած եւ իրագործած է այս գործողութիւնը։ Պելկրատի մէջ, 40-ականներուն Թէհլիրեան իր յուշերը պատմած է իր մօտիկ բարեկամ Վահան Մինախորեանին, որ մանրամասնօրէն թուղթին յանձնած է այդ հետաքրքրական տեղեկութիւնները։
318 էջէ բաղկացած լաթակազմ հատորը հրապարակի վրայ է Օգոստոս 31-էն ի վեր։
Գին՝ 30 տոլար։ Ստանալու համար կապ հաստատել՝ books@gomidas.org հասցէին հետ։