Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Շառլ Ազնաւուրի մասին գեղարուեստական առաջին ժապաւէնը՝ «Պարոն Ազնաւուր» 

 

Գրեթէ երեք տարի անցաւ աշխարհահռչակ արուեստագէտ Շառլ Ազնաւուրի մահուան վրայէն: Իր յիշատակը պահելու ուղղութեամբ տարբեր ձեռնարկներ կ՚իրականանան Ֆրանսայի ու Հայաստանի մէջ: 2024-ին մշակութասէրներ պիտի կարենան վայելել Ազնաւուրի մասին պատմող առաջին գեղարուեստական ժապաւէնը «Պարոն Ազնաւուր»: Ժապաւէնին համահեղինակներն են Մեհտի Իտիր եւ Կռան Գոռ Մալատ։ 

Լուրը կը հաղորդէ «Ազնաւուր» հիմնադրամը, խոստանալով յառաջիկային այլ մանրամասնութիւններ հաղորդել բացառիկ այս ծրագրին մասին: 2024-ին պիտի նշուի Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակը եւ այդ նպատակով Հայաստանի կառավարութեան կողմէ հաստատուած է յատուկ յանձնաժողով մը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յանձնարարած է վեց ամսուան մէջ մշակել ծրագիր մը, որու նիւթական բեռին մեծ մասը պիտի ստանձնէ Հայաստանի Ելմտական նախարարութիւնը: