Հայաստանի Շարժարուեստի ազգային կեդրոնը Յուլիս 4-ին նշանաւոր դերասան, շարժանկարի ու թատրոնի մեծ կատակերգակ Մհեր Մկրտչեանի ծննդեան օրուան առիթով, անոր յիշատակին հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.
«Բոլորէն սիրուած դերասանը իր բարձր մասնագիտութեամբ ու կերտած կերպարներով ժապաւէններուն ազգային դէմք ու դիմագիծ հաղորդելու կարողութիւնը ունէր:
Ազգային շարժանկարի մեծերէն շատ քիչերը յաջողած են փշրել խորհրդային շրջանի արուեստի անտեսանելի պատնէշները եւ հասնիլ ոչ միայն համամիութենական, այլեւ միջազգային ճանաչման: Ֆրունզիկը այդ եզակիներէն է: Անոր կերտած կերպարները հայկական էութեան ու ինքնութեան խտացում էին, որոնցմէ շատերը, ինչպէս Արսէնը, Գասպարը, Իշխանը եւ Գրիգոր աղան հայկականութեան խորհրդանիշ համարուեցան: “Եռանկիւնի”, “Մենք ենք, մեր սարերը”, “Մեր մանկութեան թանկոն”, “Հին օրերի երգը”, “Կտոր մը երկինք”, “01-99” եւ շատ այլ ֆիլմեր, դարձան հայ շարժարուեստի մնայուն արժէքներ:
Մհեր Մկրտչեանի նշանաւոր խօսքերէն է. «Դերասանը պիտի կարողանայ ամէն ինչ խաղալ: Դերասանը ներկայացնում է մարդը, իսկ մարդու էութեան մէջ ե՛ւ լաց կայ, ե՛ւ ծիծաղ, ե՛ւ հումոր»։