ՇԷՆ-ի տարեկան տօնավաճառը

 

Եղբայրութիւն, հաստատակամութիւն եւ յոյս

Դեկտեմբեր 3-4-ին Փլեսի-Ռոպենսոն քաղաքի Արուեստից տան (Maison des Arts) մէջ տեղի ունեցաւ ՇԷՆ ընկերակցութեան աւանդական տարեկան տօնավաճառը, այս տարի՝ 30-րդը:

Բազմաթիւ այցելուները, ինչպէս միշտ, ընկերական եւ տօնական մթնոլորտի մէջ, մեծ հաճոյքով այցելեցին բազմաթիւ տաղաւարները՝ հայկական արհեստներու եւ արուեստի, գիրքերու՝ քսանէ աւելի հեղինակի մակագրութեամբ, հայկական նպարեղէնի եւ զանազան նուէրներու այլազան տաղաւարներ։

Տօնավաճառը առիթ էր նաեւ ընկերներու միջեւ հանդիպումներու՝ պիւֆէին շուրջ, ինչ որ անոնց առիթը ընձեռեց վայելելու առաջարկուող համեղ ուտեստները:

Չմոռնանք նաեւ ՇԷՆ-ի տաղաւարը, ուր կը ներկայացուէին Ընկերակցութեան ձեռքբերումները, շարունակուող գործընթացները, 2023-ի ծրագրերը։ Տաղաւարի այցելուները կարելիութիւնը ունէին զրուցելու ՇԷՆ-ի անդամներուն հետ, լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալու համար։ (ծրագրերու մասին տե՛ս. «NH-Hebdo»-ի Դեկտեմբերի 1-ի թիւը՝ 332)։

Շուրջ հազար այցելուներու շարքին էին հայկական զանազան կառոյցներու եւ ընկերակցութեանց բազմաթիւ ներկայացուցիչներ, որոնք եկած էին իրենց աջակցութիւնը ցոյց տալու տօնավաճառի մասնակիցներուն եւ կազմակերպիչներուն։ Անոնցմէ յիշենք թեմի առաջնորդ Գրիգոր վրդ. Խաչատրեանի, Փլեսիի փոխքաղաքապետուհի, քաղաքապետի՝ Զուգորդութեան եւ զբօսաշրջութեան հարցերու կցորդ տիկին Գորին Մարէ-Տիւկէի ներկայութիւնը։

Ընթրիքէն անմիջապէս առաջ, 150 հոգիի համար նախատեսուած նոյն սրահին մէջ, մեծ հաճոյքով ունկնդրեցինք երգչուհի Շուշան Ճերկայեանը: Ան մեզի ներկայացուց հայկական եւ քնարական երգերու իր երգացանկը։ Երջանկութեան մեծ պահ մըն էր բոլոր ներկաներուն համար։

Լուսանկարչական ցուցահանդէսի այս տարուան բնաբանն էր «Հայեացքը», որու ընդառաջ կազմակերպուած մրցոյթը թոյլ տուաւ բացայայտել թաքնուած տաղանդներ։ Այս տարի երախաներու լուսանկարները կը կազմէին մեծամասնութիւն. տրամաբանօրէն ալ ստացան առաջին եւ երրորդ մրցանակները։ Եւ ճի՛շդ է, մանկութիւնը ապագա՛ն է, անմեղութիւն, յոյսն ու կեանք է: Լուսանկարները լուռ կ՚արտայայտեն աւելի լաւ կեանքի մը յոյսը։

ՇԷՆ-ը եղբայրութեան արտայայտութիւնն է։ Խորին շնորհակալութիւն բոլոր այն գործիչներուն, որոնք անխոնջ կ՚աշխատին որոշ հաւատք ու սփոփանք հաղորդելու համար անոնց, որոնք կապուած են իրենց գիւղերուն, իրենց պապենական հողերուն, եւ սակայն կ՚ապրին թշնամական պայմաններու մէջ, կը դիմադրեն՝ հակառակ հետզհետէ անորոշ դարձող պայմաններուն: ՇԷՆ-ի տօնավաճառը վառ կը պահէ եւ ամէն տարի կը թարմացնէ այս կապը Հայաստանի մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն հետ:

Թ.Շ. ■