Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՇՈՒՇԻ – Ֆրանսական դիւանագիտութիւնը՝ Արցախի ազերպայճանականացման սպասարկու

Ազերպայճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնի պաշտօնական այցը Շուշի, Յունիս 21-ին, խոր հարցականներ կը ստեղծէ Արցախի նկատմամբ պատմական յիշողութեան եւ ֆրանսական դիւանագիտութեան դիրքորոշման մասին: Այս դիւանագիտական քայլը ուղղակի հարցականի տակ կը դնէ այս հողերու բազմադարեան հայկական պատկանելիութիւնը եւ հայկական բնակչութիւններուն դէմ գործուած ազերպայճանական յանցագործութիւնները:

Այս խորհրդանշական հողին վրայ՝ Ֆրանսայի դեսպանը ուղղակի գիծ քաշած ըլլալ կը թուի հազարամեայ հայկական ժառանգութեան, բնիկ հայկական բնակչութիւններու վերջին պատերազմներուն կրած չարչարանքներուն, ինչպէս նաեւ անոնց հայրենազրկման վրայ: Այս պաշտօնական այցը, իր բնոյթով եւ անոր ընկերացող յայտարարութիւններով, լուրջ հարցեր կը բարձրացնէ Ֆրանսայի դիրքորոշման մասին՝ յիշողութեան ու ցաւով լեցուն այս շրջանին պատմական իրողութիւններուն նկատմամբ: 

Այս համածիրին մէջ դեսպանը, առանց որեւէ բարդոյթի, առանց խղճի դոյզն խայթի, յայտարարած է.

«Սա իմ առաջին այցը չէ Ղարաբաղ: Ես արդէն առիթ ունեցեր էի երթալու Լաչին եւ Աղդամ: Այսօր յատուկ զգացումով կը յայտնաբերեմ՝ առաջին անգամ, Շուշի քաղաքը: Շատ ուրախ եմ հոս ըլլալով: Սա ինծի համար իսկական առիթ մըն է աւելի լաւ ճանչնալու այս քաղաքը: Շուշին Ազերպայճանի մշակութային կարեւորագոյն վայրերէն մէկն է: Ան ծնունդ տուած է բազմաթիւ բանաստեղծներու, երաժիշտներու եւ խորհրդանշական դէմքերու: Զիս տպաւորեց հոս կատարուած վերականգնման եւ բարգաւաճման աշխատանքները: Համոզուած եմ որ այս շրջանը յառաջիկային աւելի պիտի բացուի զբօսաշրջութեան, քանի որ ան շատ բան ունի այցելուներուն հրամցնելիք»։