Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Շուրջ 500 զոհ Արցախի մէջ՝ Ազերպայճանի ռազմական գործողութիւններուն եւ պենզինի կայարանի պայթումին հետեւանքով

Արցախի Ներքին գործոց նախարարի բանբեր Յունան Թադէոսեան հաղորդած է, թէ Սեպտեմբեր 19-ի ազերպայճանական լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով զինուորականներու շարքերուն մէջ 200-է աւելի զոհ կայ, առաւել՝ աւելի քան երկու տասնեակ անմեղ քաղաքացիներ զոհուած են: Իսկ Սեպտեմբեր 25-ին պենզինի կայարանի պայթումին հետեւանքով ալ հաստատուած է 220 մահուան պարագայ. զոհերէն 150-ը անճանաչելի վիճակի մէջ են։ Վերջիններուս մասունքները փոխադրուած են Երեւանի Դատաբժշկական փորձաքննութեան կեդրոն՝ ծինաբանական միջոցներով ինքնութիւնը ճշդելու համար։ 

Կան նաեւ 50-է աւելի անհետացածներ։ ■