Արցախը 100 օր է, որ շրջափակման մէջ է։ Ազերպայճան արդէն 100 օր է, որ չի կրնար հասնիլ իր դաւադիր նպատակներուն՝ հայաթափել Արցախն ու գրաւել զայն։ 2020-ի դաժան պատերազմէն յետոյ թէեւ վիրաւոր, սակայն Արցախի սիրտը կը բաբախի, իսկ այդ կը նշանակէ, որ Արցախցին կը պայքարի։
Սնունդի, դեղորայքի, վառելիքի, ելեկտրականութեան ու կազի բացակայութեան պայմաններու տակ կ՚ապրի Արցախցին։ Երեք պատերազմի բովով անցած, բազմաթիւ զրկանքներ ու դաժանութիւններ տեսած Արցախցիի կամքը անկոտրում է։ Արցախցին հաւատարիմ է իր ընտրած պայքարի ուղիին։
Մարտ 21-ին, Ազերպայճանի կողմէ Արցախի շրջափակման ցեղասպանական քաղաքականութեան 100-րդ օրը Արցախի երիտասարդները անգամ մը եւս ցոյց տուած են իրենց հաստատակամութիւնը՝ այս հողին վրայ ապրելու ու արարելու՝ ի հեճուկս համայն աշխարհի լռութեան եւ բոլոր դժուարութիւններուն։
Մարտ 21-ին ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութիւնը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ ցոյց կազմակերպած է՝ վերահաստատելու այդ կամքը, Արցախցիի ձայնը լսելի դարձնելու համայն աշխարհին, պայքարի վճռականութիւնը արտայայտելու եւ հայ ժողովուրդի միասնական կամքը ապացուցելու համար։