Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ո՞վ պիտի լեցնէ Հարաւային Կովկասի մէջ Ռուսերու ազդեցութեան նուազումին ստեղծած բացը

Ռուսական երաշխաւորութիւնը 2020 Նոյեմբեր 9-ի եռակողմ համաձայնութեան՝ հետզհետէ կ՚անզօրանայ։ Վերջին փաստը՝ Լաչինի միջանցքին Ազերիներու կողմէ մի քանի ժամ փակումն էր, որուն հետեւանքով Հայաստան-Արցախ երթեւեկը բոլորովին կանգ առաւ, հակառակ անոր որ եռակողմ յայտարարութիւնը շատ յստակ սահմանած է այդ միջանցքին գործելու պայմանները եւ որուն երաշխաւորն է ռուս խաղաղապահ զօրքը, եւ որուն հրամանատարը Վոլկով անձնապէս մի քանի ժամ բանակցած է երթեւեկը վերահաստատել կարենալու համար։ 

Եւ դեռ ի՞նչ պիտի պատահի ապագային։ Ազերիները պահանջած են որ ազերական մաքսային անցակէտ մը հաստատուի այնտեղ, ստուգելու համար իբրեւ թէ արգիլուած զինամթերքի Արցախ մուտքը։ Սակայն վերջապէս համաձայնած են, որ ռուսական կողմը Արցախ մուտք գործող բոլոր բեռնակառքերու բեռերու ստուգումը կատարէ սքաներով։ 

Նման լուծում բնականաբար շատ ծանր հետեւանքներ կրնայ ունենալ հայկական կողմին համար։ Եւ անկախ հետեւանքներէն, նման կարգադրութիւն բնաւ նախատեսուած չէ Նոյեմբեր 9-ի համաձայնութեան մէջ։ Այս երեւոյթն ալ ցոյց կու տայ ռուսական կողմին թուլութիւնը եւ եռակողմ համաձայնութեան բոլոր կէտերը պարտադրելու անկարողութիւնը։

Այնքան ատեն, որ Ռուսաստան ինքն իր ուժերուն տէրն էր, այսինքն նախքան Ուքրաինայի պատերազմը, կրնար ինքզինք պարտադրել Հարաւային Կովկասի երկիրներուն։ Սակայն, ներկայիս իր ռազմական կորուստներուն բերումով, անկարող է այդ ընելու, յա՛տկապէս Ազերպայճանին, որ յենած է Թուրքիոյ. եւ այսպէսով Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած է ուժային բաց մը, որմէ իւրաքանչիւր երկիր կ՚ուզէ օգտուիլ եւ իր ռազմավարական շահը ապահովել։ 

Բնականաբար այս իրավիճակէն առաջին առաւելութիւն ձեռք ձգողը եղաւ Արեւմուտքը, որ Արցախեան երկրորդ պատերազմին՝ ռուսական շատ խորամանկ հաշուարկով մը տարածաշրջանէն դուրս հանուած էր։ Գլխաւորապէս ԱՄն-ն ու Ֆրանսան, որոնք Մինսքի համանախագահ ալ էին։ Եւ Արեւմուտքի փոխարէն՝ Թուրքիան է, որ հոն ամուր կերպով ոտք դրաւ, ռազմականօրէն ալ Ազերպայճանի դաշնակիցը ըլլալով։ 

Արեւմուտքի վերադարձը տարածաշրջան կը վնասէ ռուսական շահերուն, ինչպէս նաեւ թուրքեւազերական ծրագրերուն։ Սեպտեմբեր 13-14-ի յարձակումը Հայաստանի ինքնիշխան սահմաններուն վրայ եւ Սիւնիք ներխուժումը այն արիւնալի փորձերէն մէկն էր, որով Ազերիները փորձեցին առանց ռուսական վերահսկողութեան՝ Ազերպայճան-Նախիջեւան միջանցք մը հաստատել ուժի պարտադրանքով։ Պիտի յաջողէին եթէ հայկական բանակը չդիմադրէր։ Եւ առաջին անգամ ըլլալով՝ հայկական բանակը առանց ապաւինելու Հայաստան տեղակայուած ռուսական զօրքին, ինքնապաշտպանութեան դիմեց, շուրջ երեք հարիւր զոհ տալով պաշպանեց Սիւնիքը եւ հարաւային սահմանները։ Հայաստանին զօրակցեցան ԱՄՆ-ն ու Ֆրանսան, որոնք Ազերիներուն ստիպեցին դադրեցնել յարձակումը, սկսիլ բանակցութիւն, եւ այս անգամ Արեւմուտքի հովանաւորութեան ներքոյ՝ Պրիւսէլի ու Ուաշինկթընի մէջ։

Հայկական կողմին համար 2020-ի պարտութենէն ետք մեծ տէրութեան մը հովանաւորութիւնը անհրաժեշտ է երկրին անվտանգութիւնը ապահովելու համար։ ՀԱՊԿ-ի ռազմական դաշինքի շրջանակին մէջ եւ երկկողմ համաձայնութեամբ՝ Հայաստանի ռազմավարական դաշնակիցը Ռուսաստանն է։ Սակայն ո՛չ ՀԱՊԿ-ն, ո՛չ Ռուսաստանը յանդգնեցաւ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը պաշտպանել ազերական յարձակումին դէմ։ Հայաստանի կառավարութիւնը նոյնիսկ ստիպուեցաւ բարձրաձայն յայտարարելու, որ ՀԱՊԿ-ի երկիրները չեն յարգած իսկ Հայաստանի համար կենսական նշանակութիւն ներկայացնող հարիւր միլիոնի զէնքի վաճառքի պայմանագիրը։ 

Դեռ կայ Իրանը, որուն ռազմավարական շահերուն կը վնասէ ռուսական կողմի տկարացումը։ Ան լարում ունի թէ՛ Ազերպէյճանի հետ, թէ՛ Իսրայէլի, թէ՛ ալ Արեւմուտքի։

Արեւմուտքին համար Հայաստանը ռազմավարական գործընկեր մը չէ, որքան ալ նման արտայայտութիւններ ըլլան։ Եթէ որեւէ կերպ Թուրքիոյ դէմ երրորդ երկիր մը պատերազմ յայտարարէ, Արեւմուտքը ՕԹԱՆ-ի ծիրէն ներս ստիպողաբար Թուրքիոյ կողքին պիտի կանգնի, ի վնաս հայկական կողմին։ 

Այս պայմաններուն մէջ Հայաստանի կառավարութեան կը մնայ ժամանակ շահիլ բազմաբեւեռ քաղաքականութիւն վարել, պատերազմի վտանգը չէզոքացնելու, տնտեսապէս եւ ռազմապէս զօրանալու համար։

Ժ.Չ. ■