Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Որո՞նք պիտի ըլլան հետեւանքները

Կարելի չէ կանխատեսել Ռուսաստան-Ուքրաինա պատերազմին ելքը։ Աւելի նուազ՝ անոր իսկական հետեւանքները։ Ամէն պարագայի՝ ի՞նչ ալ ըլլայ ելքը, հաստատապէս ան դրական պիտի չըլլայ, ո՛չ քաղաքական գետնի վրայ, եւ առաւել եւս՝ ո՛չ ալ տնտեսական։

Նախագահ Մաքրոնի բնորոշմամբ՝ Ռուսաստանի կողմէ սանձազերծուած պատերազմով միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ նոր էջ մը կը բացուի։ Պէտք է ըսել, թէ առաջին անգամ չէ որ միջազգային օրէնքը կ՚ոտնակոխուի. ասկէ առաջ Եուկոսլաւիան, Իրաքը, Սուրիան եւ բազմաթիւ այլ երկիրներ, առանց ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան՝ յարձակումի ենթարկուեցան։ Նոր էջը բացուած էր այն ատենէն։ Ներկայիս ի՞նչ որ կը պատահի անոր շարունակութիւնն է։ Շարունակութիւնը Սովետական Միութեան փլուզումէն ետք, միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ԱՄՆ-ու եւ ՕԹԱՆ-ի միահեծան իշխանութեան, օրէնքներու խախտումներու։ Ռուսաստան կը փորձէ անցեալի իր փառքը վերագտնել, վերակառուցել իր կայսրութիւնը։ 

Սակայն, այնքան հեռուները չերթալով, Ուքրաինայի յարձակումի բեմագրութիւնը կը յիշեցնէ Արցախի 44-օրեայ պատերազմը, աւելի խոշոր ծաւալով. Ռուսաստանի օդուժի գերակայութիւնը, բանակներու անհաւասար ուժերը, սահմանի ամբողջ երկայնքին յարձակումները, քաղաքային բնակավայրերու ռմբակոծումը, մայրաքաղաք գրաւելու միտումը… տակաւին՝ գործը արգիլուած զէնքերու գործածութեան չհասաւ, ոչ ալ Ռուսաստանի կողմէն՝ դաշնակից երկիրներու զօրքերու մասնակցութեան։ Բայց միջազգային հանրութեան Արցախի պատերազմի ընթացքին ցուցաբերած անտարբերութիւնը, արտօնեց որ Ռուսաստան եւս ազատ զգայ յարձակելու եւ երկիր մը քարուքանդ ընելու իրաւունք ստանայ։

Ի՞նչ պիտի ըլլան պատերազմին հետեւանքները։ Ռուսաստանի ռազմական յաջողութեան պարագային՝ Հայաստանի մէջ պիտի շարունակուի եւ նոյնիսկ պիտի խստանայ ռուսական կառավարման գործելաոճի ազդեցութիւնը։ Արեւմտեան պատիժները իրենց տնտեսական ծանր հետեւանքները պիտի ունենան Հայաստանի վրայ եւս, որուն համար Ռուսաստանը մեծագոյն շուկան է եւ առեւտրային առաջին գործընկերը։ Իսկ Ռուսաստանի պարտութեան պարագային՝ քաղաքական իրավիճակը աւելի դրական պիտի չըլլայ։ Թուրքիոյ եւ Ազէրպայճանի թշնամական վերաբերումը, սահմանային, հողային պահանջները աւելի պիտի սաստկանան։ Արցախի ճակատագիրը անգուշակելի պիտի դառնայ. կրնայ նոր պատերազմի առիթ ստեղծուիլ, եթէ Ռուսաստան ի վիճակի չըլլայ ապահովելու անոր պաշտպանութիւնը։

Նոյնիսկ պատերազմի ընթացքին զգալի են Ռուսաստանի պարտադրանքները Հայաստանին։ Ուքրաինայի վրայ յարձակումին առաջին օրէն, Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարը հրաւիրուեցաւ Ռուսաստան։ Վարչապետ Փաշինեան քանի-քանի հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ։ Պաշտօնապէս հրաւէր ստացաւ Ապրիլ ամսուն հանդիպելու Փութինին։ Միաժամանակ, Փութին եւ Ալիեւ ռազմավարական դաշինք կնքեցին։ Հայաստան միակ երկիրն էր, որ դէմ քուէարկեց Ռուսաստանի Եւրոպայի խորհուրդէն արտաքսուելուն։ Ինչպէ՞ս պիտի ընդունի Արեւմուտքը Հայաստանի պարտադիր կողմնակցութիւնը՝ Ռուսաստանին։

Արդեօք Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծրագիրը փոփոխութեան պիտի ենթարկուի՞ այս պատերազմին իբր հետեւանք։ Ուքրաինայի հանդէպ Եւրոպական Միութեան դիրքորոշումը մեծ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ, Ռուսաստանի յարձակումին լայնածաւալ մասշտաբը նկատի առած։ Որքանո՞վ ան երկարաձգումներ պիտի ունենայ առաջին հերթին Վրաստանի վրայ եւ թերեւս ալ՝ Հայաստանի։ Եւ ի՞նչ պիտի ըլլայ Մինսքի խումբին ճակատագիրը Ռուսաստան – Արեւմուտք յարաբերութիւններու ծայր աստիճան վատթարացումէն ետք։

Ռուսաստանի յարձակումով կը ձեւաւորուի աշխարհաքաղաքական նոր հասարակարգ մը, որուն դերակատարները եւ բաժանման գիծը պիտի հանդիսանան Ռուսաստան-Չինաստան։ Յստակ է որ առանց Չինաստանի նեցուկին՝ Ռուսաստան պիտի չհամարձակէր մինակը դիմակայել Արեւմուտքին ու ՕԹԱՆ-ին։ 

Ժ.Չ. ■