Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը՝ քրտական, յունական, հրէական եւ Միջին Արեւելքի փոքրամասնութեանց իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու կողքին, կոչ ըրած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Գոնկրէսին, որ դէմ կենան հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ռազմական նոր գործողութեան մը ձեռնարկելու Թուրքիոյ ջանքերուն, որուն նպատակն է իր բռնագրաւած սուրիական հողերու տարածքը ընդարձակել, «ապահովութեան գօտի» ստեղծելու կեղծ պատրուակին տակ։
Կոչին մէջ կը շեշտուի, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական կազմակերպութիւնը պարտութեան մատնած ուժերը ներկայիս շրջանին մէջ ինքնավարութիւն մը հաստատած են, ուր գործակցութիւն գոյացած է արաբական, քրտական եւ քրիստոնեաներու շահերը պաշտպանողներուն միջեւ եւ կ՚ազդարարուի, թէ թրքական ներխուժումը կրնայ մահացու հարուած մը հասցնել այդ համագործակցութեան, դարձեալ զօրացնելով «Իսլամական պետութիւն»-ը։
Նշենք, թէ Ուաշինկթըն յայտարարեց, թէ Սուրիոյ մէջ ռազմական գործողութիւններ կատարելու Թուրքիոյ ծրագրերը սպառնալիք են ամերիկացի զինուորականներու ապահովութեան, աւելցնելով որ՝ «խորապէս անհանգստացած է» Սուրիոյ հիւսիսը ռազմական գործողութիւններու աշխուժացման կարելիութիւններուն մասին տեղեկութիւններով։
Նշենք, որ Իրան եւս Թուրքիոյ կոչ ուղղած է ձեռնպահ մնալու Սուրիոյ դէմ ուժ կիրարկելէ։ ■