Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ուշացած հրաժարականը

Ինչո՞ւ Հայաստանի համար ներկայ դժուար պահուն, Հանրապետութեան նախագահին հրաժարականը։ Ի՞նչ փոխուած է 2018-էն ի վեր Սերժ Սարգսեանի հրաւէրով ՀՀ նախագահ դարձած Արմէն Սարգսեանի կարգավիճակէն։ Սահմանադրական առումով՝ ոչի՛նչ։ Նոյն Սահմանադրութիւնն է որ կը գործէ։ Սերժ Սարգսեանի օրօք հաստատուած խորհրդարանական նո՛յն վարչակարգն է որ կը գործէ։ Խաղի նո՛յն օրէնքներն են, բացի Սերժ Սարգսեանի օլիգարխութեան փոխարէն՝ ժողովրդավարական ընտրութեամբ կազմուած կառավարութենէն։ Ուրեմն, ինչէ՞ն դժգոհ է ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Քաղաքական ծանրակշիռ երկու խնդիրներ, որոնք իր հրաժարականին մէջ յստակ կերպով ընդգծուած են։ Առաջինը՝ այն ամբաստանութիւնները որոնց ենթակայ է, յատկապէս ընդդիմութեան կողմէ բամբասանքներու եւ դաւադրական տեսութիւններու թիրախ։ Երկրորդ, նախագահական լիազօրութիւններու ընդլայնման հարցը, ապագայ սահմանադրական փոփոխութիւններու ծիրէն ներս, որուն հակառակած է վարչապետ Փաշինեան։

Կայ նաեւ գլխաւոր երրորդ պատճառ մը՝ առողջականը, որ թերեւս միակ ընդունելի եւ ընկալելի պատճառն է։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան նախագահ դարձաւ անհասկնալի պայմաններու մէջ։ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի համար շատ կարեւոր ձեռքբերում մըն էր արտասահմանի մէջ հարստացած, գիտնական եւ տարիներով Միացեալ Թագաւորութեան մէջ իբրեւ դեսպան ծառայած անձնաւորութիւն մը հայրենադարձնել ու զայն նախագահական պաշտօնով պատուել։ Սակայն, Թաւշեայ յեղափոխութիւնը եւ 44-օրեայ պատերազմը երկու կողմներուն ալ հաշիւները խանգարեցին։ Սերժ Սարգսեան վշտացաւ նախագահ Արմէն Սարգսեանէն, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ամբողջովին չմիացաւ ընդդիմութեան ցոյցերուն, եւ բանակի հրամանատարութեան կողմէ վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջին դիմաց, վարչապետին՝ Սպայակոյտի պետի պաշտօնազրկման հրամանին դէմ ուղղակի Սահմանադրական դատարան չդիմեց։ Եւ բնականաբար Արմէն Սարգսեան դժգոհ էր Սերժ Սարգսեանի եւ Հայաստան դաշինքի թշնամական վերաբերումէն։

Հայաստանի չորրորդ նախագահը, չունենալով հանդերձ գործադիր իշխանութեան լիազօրութիւններ, 44-օրեայ պատերազմի պարտութեան բերումով ուզեց նախագահական պաշտօնին համար կառավարական նոր լիազօրութիւններ ձեռք բերել։ Դրական էր բոլոր քաղաքական ուժերու հետ խորհրդակցական ժողով կազմակերպելու անոր նախաձեռնութիւնը։ Սակայն, հակասահմանադրական էր նախագահին կողմէ կառավարութեան հրաժարականի պահանջը։ Գործող Սահմանադրութիւնը իրեն բնաւ չէր տար այդ իրաւասութիւնը։ Եւ անոր առաջարկած մասնագէտ-փորձագէտներու կողմէ կազմուելիք նոր կառավարութիւնը պիտի բախէր Խորհրդարանին մէջ քաղաքական մեծամասնութեան տէր ուժին անվստահութեան քուէին։

Նախագահին սոյն դիրքորոշումը բացասական ազդեցութիւն ունեցաւ Սփիւռքի մէջ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կողմնորոշումին վրայ, որ միացաւ կառավարութեան հրաժարականի պահանջին, նկատի առնելով որ նախագահը ՀԲԸՄ-ի վարչութեան ազդեցիկ անդամներէն էր։ Անոր դիրքորոշումը իր ժխտական ազդեցութիւնը ունեցաւ նաեւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ աւագանիին վրայ, որ նոյնպէս անտեսելով սահմանադրութեամբ հաստատուած Պետութիւն-Եկեղեցի բաժանումը, նախընտրեց քոչարեանական թեւին կողմը դիրք գրաւել։ Վերջապէս արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները եկան հաստատելու վարչապետին հրաժարականը պահանջող ուժերու սխալ գնահատումը իրավիճակին, անոր յղուած անուղղակի անվստահութեան քուէին։ Եւ այն ատեն ճի՛շդ պահն էր հրաժարականի։

Հակառակ քաղաքական իր սխալ կողմնորոշումին, Արմէն Սարգսեան իբր նախագահ ունեցաւ միջազգային կարգ մը հարթակներու եւ համագումարներու ընթացքին Հայաստանի ձայնը լսելի դարձնելու ունակութիւնը։ Ան կրցաւ նաեւ արաբական աշխարհի կարգ մը կառավարութիւններու հետ տնտեսական եւ բարեկամական յարաբերութիւններ հաստատել ի նպաստ Հայաստանի։ Եւ վերջապէս, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները զարգացնելու մեծ ջատագով մը եղաւ։ Անդուլ կերպով գործեց սփիւռքահայ ներուժը Հայաստանի մէջ աւելի հիմնաւոր կերպով ներգրաւելու համար։

Ժ.Չ. ■