Ուրուկուայի նախագահ Լուիս Ալպերթօ Լաքայէ Փօու քննադատած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուն՝ Մոնթեվիտէոյի Հայերուն ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»-ը խորհրդանշող ձեռքի շարժումին համար:
“Շատ ցաւալի է, որ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը Հայերուն ցոյց տուաւ թրքական ծայրայեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր»-ու նշանը: Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի վերաբերումը պէտք է խստօրէն դատապարտուի: Հայ համայնքը վրդովուած է, եւ իրաւունք ունի: Առեւտրական բնագաւառի յառաջընթացը չի նշանակեր, որ Մոնթեվիտէօն համաձայն է միւս կողմի վարած ներքին կամ արտաքին քաղաքականութեան”,– նշած է նախագահը։