Մայիս 4–5, Մոնթէվիտէոյի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած է «Խելացի զբօսաշրջային ուղղութիւններ» բնաբանով միջազգային տօնավաճառը, որ այս տարի տեղի ունեցած է «Խաղաղութեան քաղաքներ եւ տարածքներ» 5-րդ համաշխարհային վեհաժողովի շրջանակին մէջ, համախմբելով տասնեակներով պատուիրակութիւններ աշխարհի տարբեր երկիրներէ:
Տեղւոյն Հայաստանի դեսպանութեան հովանաւորած Հայկական տաղաւարը ունեցած է մեծաթիւ այցելուներ, որոնց շարքին նաեւ Ուրուկուայի փոխնախագահը եւ Զբօսաշրջութեան նախարարը:
Տաղաւարին մէջ ներկայացուած են Հայաստանէն բերուած մթերքներ, ինչպէս՝ «Կարաս» գինիները, «Կոտայք» գարեջուրը եւ «Քաֆֆա» սուրճը: Ցուցադրուած են Հայաստանի մասին պատմող գիրքեր եւ Զբօսաշրջութեան յանձնախումբին կողմէ տրամադրուած տեսահոլովակներ:
Տեղի ունեցած է ղափամայի պատրաստութեան աշխատանոց մը։ Ելոյթ ունեցած է «Գայիանէ» հայկական պարային համոյթը:
Ուրուկուայահայ ձեւաւորող (designer) Վիրժինիա Քէօսէեան ներկայացուցած է իր պատրաստած հայկական տառերով վզկապերն ու թեւակալները:
Այցելուները հիւրասիրուած են հայկական ուտեստներով եւ խմիչքներով:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։