Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՔՐԱԻՆԱ – Զելենսքի «Պատուոյ» առաջին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրած է Պայրաքթարը

 

Ուքրաինայի նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի ընդունած է թրքական «Պայքար» ընկերութեան գործադիր տնօրէն Հալուք Պայրաքթարը, որու հետ քննարկած է իր երկրին եւ թրքական ընկերութեան միջեւ հետագայ համագործակցութիւնը՝ ուքրաինական բանակի պաշտպանունակութեան ամրապնդման հեռանկարով։

Կողմերը քննարկած են Ուքրաինայի մէջ «Պայքար» գործատան կառուցման եւ ուքրաինական բաղադրիչներով նոր սարքերու արտադրութեան մանրամասնութիւնները։

Զելենսքի բարձր գնահատած է Հալուք Պայրաքթարի եւ անոր ընկերութեան ներդրումը Ռուսաստանի դէմ պայքարին՝ ուքրաինական բանակի մարտունակութեան բարձրացման մէջ եւ զայն պարգեւատրած է «Պատուոյ» առաջին աստիճանի շքանշանով։

“Ուքրաինայի մէջ բոլորը գիտեն, թէ ինչ է Պայրաքթարը, գիտեն ձեր ընկերութիւնը: Շնորհակալ եմ, շնորհակալ եմ նախագահ Էրտողանին՝ ռուսական յարձակման դէմ այս պատերազմին Թուրքիոյ քաղաքացիներու աջակցութեան համար”,– ըսած է Զելենսքի։