Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՔՐԱԻՆԱ – ՀԱՅԱՍՏԱՆ. Հայաստան մուտք գործած է Ուքրաինայի շուրջ 4000 քաղաքացի. գրեթէ բոլորը Հայեր են

Ուքրաինայի մէջ ռազմական գործողութիւններու սկսելէն ի վեր տասնեակհազարաւոր մարդիկ Ռուսաստանէն, Ուքրաինայէն, Պելառուսէն գաղթականի կամ զբօսաշրջիկի կարգավիճակով ժամանած են Հայաստան: Հայաստանի մէջ Ուքրաինայի դեսպանատան համաձայն՝ վերջին երեք շաբաթներու ընթացքին ՀՀ մուտք գործած է Ուքրաինայի շուրջ 4 հազար քաղաքացի՝ գլխաւորաբար՝ Հայեր: Ինչպէս կը հաղորդէ  «Արմէնփրէս»՝ այդ մասին դեսպանատան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսին լրագրողներուն յայտնած է Հայաստանի մէջ Ուքրաինայի գործերու առժամեայ հաւատարմատար Տենիս Աւտոնոմով:

“Առանձնայատկութիւնն այն է, որ անոնք գրեթէ բոլորն ալ Հայեր են, հոս ունին ընկերներ, հարազատներ, տուն, այդ իսկ պատճառով չեն դիմեր օգնութեան”, – նշած է առժամեայ հաւատարմատարը:

Ըստ Աւտոնոմովի՝ ուքրաինական դեսպանութիւնը որոշ կարելիութիւններ ունի դիմողները «տեղաւորելու», անոնց բնակութեան հարցը լուծելու համար, բայց անոնց աշխատանք ապահովելու հարցը լուծելը աւելի դժուար է:

Յատկանշական է, որ Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքացիներ՝ Երեւանցիներ, շրջաններու բնակիչներ, ըստ Ուքրաինայի դիւանագիտական ներկայացուցչին՝ կը դիմեն դեսպանատուն՝ պատրաստակամութիւն յայտնելով օգնելու ուքրաինացի գաղթականներու վերաբնակութեան հարցին մէջ:

Տենիս Աւտոնոմովը լրագրողներուն նաեւ յայտնած է, որ Ուքրաինայի մէջ ռազմական գործողութիւններու սկսելէն ի վեր երկիրը լքած է շուրջ 3,5 միլիոն հոգի: