Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒՔՐԱԻՆԱ. ՀՀ դեսպանութեան աշխատակիցները Քիեւէն փոխադրուած են Լվով եւ Ուժհորոտ

Ապահովութեան նկատառումներով՝ Ուքրաինայի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան աշխատակիցները Քիեւէն փոխադրուած են Լվով և Ուժհորոտ, ուրկէ կը շարունակեն աշխատիլ եւ սպասարկել Հայաստանի քաղաքացիներուն։

Լուրը հաղորդած է ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան։

Ան ընդգծած է, թէ Ուքրաինայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը այն քիչերէն էր, որ Քիեւի մէջ պատերազմի ընթացքին ամբողջ կազմով կը սպասարկէր մեր հայրենակիցներուն եւ այժմ ալ կը շարունակէ նոյնը ընել իր հաստատուած՝ այս նոր շրջաններէն։