Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ուքրաինա նոր «Պայրաքթար»-ներ ստացած է Թուրքիայէն

Ուքրաինայի Պաշտպանութեան նախարար Ալեքսէյ Ռեզնիքով Դիմագիրքի իր էջին գրած է, թէ տարբեր երկիրներէ ռազմական օգնութիւններ կը ստանան։

Թուրքիայէն ստացած են «Bayraktar TB2» հարուածային թռչող սարքերու որոշ քանակ մը, որ արդէն մարտական գործողութիւններու համար կ՚օգտագործեն։

Իսկ թէ Թուրքիա քանի միաւոր «Պայրաքթար» ղրկած է Ուքրաինա, տակաւին յայտնի չէ։

Ռեզնիքովի համաձայն՝ իրենք այլ երկիրներէ ալ իբրեւ օգնութիւն պիտի ստանան Javelin և Stinger հրթիռային համակարգեր։

Նշենք, թէ ցայսօր Ուքրաինա Թուրքիայէն գնած է նուազագոյնը 18 միաւոր թրքական «Պայրաքթար» անօդաչու սարքեր, որոնք Փետրուար 24-էն ի վեր կ՚օգտագործուին Ռուսաստանի զինեալ ուժերուն դէմ։ 

Կողմերը կը նախատեսէին նաեւ 48 միաւոր «Պայրաքթար»-ներու միացեալ արտադրութիւն՝ Ուքրաինայի տարածքին մէջ, սակայն այս ծրագիրը հաւանաբար կը յետաձգուի։