Չաւուշօղլու.– “Թուրքիոյ և Հայաստանի բանագնացներու առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ”

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Դեկտեմբեր 27-ին յայտարարած է, թէ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բանագնացներու՝ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած առաջին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Մոսկուայի մէջ։ “Կը յուսանք, որ Հայաստան կը գործէ միջազգային իրաւունքի շրջանակին մէջ”,– ընդգծած է թուրք դիւանագէտը։

Ան նաեւ տեղեկացուցած է, թէ Պոլիս–Երեւան առաջին թռիչքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ օրերուն։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան տեղեկացուցած է, որ սա պահուս, Հայաստանի և Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու հանդիպման թուականին շուրջ համաձայնութիւն գոյութիւն չունի։

“Քննարկւում է հանդիպումը Մոսկուայում անցկացնելու կարելիութիւնը”,
– ըսած է ան։