Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու անդրադարձած է Հայաստան–Արցախ միջանցքը փակած Ազերպայճանի քայլերուն։
Թրքական Habertürk–ի համաձայն՝ ան յայտարարած է, թէ Ղարաբաղի մէջ Հայերը Ազերպայճանին պատկանող հողերուն վրայ հանքեր կը շահագործեն եւ թոյլ չեն տար, որ ազերպայճանցի մասնագէտները հոն ստուգումներ կատարեն։ “Սա կը նշանակէ, որ Ազերպայճանի բնական հարստութիւնը կը գողնան”,– պնդած է ան՝ նշելով, որ Ազերպայճանցիները իրաւասու են իրենց իրաւունքները պաշտպանելու եւ այդ հարցին մէջ Թուրքիա կ՚աջակցի Ազերպայճանին։