Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու Միրզոյեանը հրաւիրած է Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին

ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Վահան Յունանեան Յունուար 20-ին յայտարարած է, թէ նախարար Միրզոյեան հրաւիրուած է մասնակցելու Անթալիոյ դիւանագիտական խորհրդաժողովին։

«ՀՀ ԱԳ նախարարութիւնը համապատասխան ընթացակարգով քննարկում է նախարարի՝ վերոնշեալ միջոցառման մասնակցելու նպատակայարմարութիւնը։ Հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի կայացուելիք որոշումների մասին»,– նշած է Յունանեան։

Նշենք, թէ Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մևլիւթ Չաւուշօղլու Անգարայի համալսարանին մէջ տեղի ունեցած դիւանագէտներու հետ հանդիպումին ըսած է, թէ 2022 Մարտ 11-էն 13 կը կայանայ Անթալիոյ դիւանագիտական 2-րդ խորհրդաժողովը, որուն մասնակցելու հրաւէրներ ղրկուած են բազմաթիւ երկիրներու։ Հրաւիրեալներու ցանկին մէջ են նաև Հայաստանը, Յունաստանը, Կիպրոսն ու Իսրայէլը։ Ան աւելցուցած է, թէ ցարդ 39 երկրի Արտաքին գերատեսչութիւններու ղեկավարներ հաստատած են իրենց մասնակցութիւնը։ ■