Լուսանկարները՝ Petr Dyrc-ի
Փետրուար 28-ին, Փրակայի քաղաքապետարանի «Սմեթանա» դահլիճին մէջ տեղի ունեցած է հայ տաղանդաւոր մեներգչուհի Ճուլիանա Գրիգորեանի եւ անուանի մոնղոլ պարիթոն Ամարթուվշին Էնխպաթի հրաշալի համերգը, Փրակայի Ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ընկերակցութեամբ:
Մենակատարութիւններով եւ զուգերգերով հնչած են արիաներ՝ իտալական յայտնի օփերաներէն, իսկ Ճուլիանա Գրիգորեան կատարած է նաեւ անուանի չեխ երաժիշտ Անթոնէն Տվորժաքի արիան՝ «Ջրահարս» օփերայէն, որ յուզած է հանդիսականները:
Համերգի աւարտին, ներկաներու փափաքին ընդառաջելով, մեներգչուհին ա գափելլա երգած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Հաւուն, Հաւուն» տաղը:
Մեներգիչները արժանացած են ներկաներու երկարատեւ ծափահարութիւններուն։
Նշենք, թէ համերգը տեղի ունեցած է Nachtigall Artists Management-ի համագործակցութեամբ եւ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանի պատուոյ հովանաւորութեամբ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։