Փրակայի մէջ լոյս տեսած է չեխ ծանօթ գրող ու ճանապարհորդ Կարէլ Հանսայի «Արեւելքի արհաւիրքները» գիրքի հայերէն քննական թարգմանութիւնը՝ «Օրեր» ամսագիրի կայքէջի գլխաւոր խմբագիր Աննա Կարապետեանի աշխատասիրութեամբ։
Թարգմանիչը գրած է նաեւ գիրքի նախաբանն ու քննական թարգմանութեան առնչուող բացատրական յառաջաբանը, ինչպէս նաեւ շուրջ 500 ծանօթագրութիւններ, որոնք ներկայացուած են գիրքի վերջաւորութեան։ Հատորին մէջ տեղ գտած են նաեւ Հանսայի ընտանեկան արխիւէն նոր լուսանկարներ, որոնք չկային չեխերէն հրատարակութեան մէջ։
Տեղեկացնենք, որ Կարէլ Հանսայի այս գիրքը չեխերէնով առաջին անգամ լոյս տեսած է 1923-ին Չեխիոյ մէջ, իսկ երկրորդ անգամ վերահրատարակուած է 2006 թուականին նոյն երկրի մայրաքաղաքին մէջ՝ «Օրեր» ամսագիրի նախաձեռնութեամբ եւ գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեանի յառաջաբանով։
Յիշեցնենք, որ գիրքին մէջ Կարէլ Հանսա ոչ միայն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը մինչեւ 1920-ական թուականներ, այլեւ Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքը, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ ապաստանած հայ գաղթականներու կեանքն ու հայկական որբանոցները։
Օտարագիր ճանապարհորդի այս գիրքը առաջին վկայութիւններէն մէկն է Հայոց ցեղասպանութեան մասին։
Գիրքը հրատարակուած է «Մարլենքա Ինթըրնեշընըլ» ընկերութեան նախագահ Գէորգ Աւետիսեանի մեկենասութեամբ։