Փետրուար 4-ին, Փեքինի մէջ ծայր առած են Ձմեռնային 24-րդ ողիմպիական խաղերը։ Բացման արարողութեան աւանդական շքերթին մասնակցած է նաեւ Հայաստանի պատուիրակութիւնը, դրօշակակիրներ՝ Թինա Կարապետեանի (գեղասահորդ) ու Միքայէլ Միքայէլեանի (դահուկորդ) առաջնորդութեամբ։
Հայաստանէն կը մասնակցին վեց մարզիկներ, որոնցմէ լեռնադահուկորդ Յարութիւն Յարութիւնեանը տակաւին չէ կրցած մեկնիլ Չինաստան՝ պսակաձեւ ժահրով վարակուած ըլլալով։
Ձմեռնային 24-րդ ողիմպիականի փակման արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ Փետրուար 20-ին։
Ի դէպ, Փեքինը առաջին քաղաքն է որ հիւրընկալած է թէ՛ ամառնային (2008) եւ թէ՛ ձմեռնային ողիմպիական խաղերը։