Ապրիլ 25-ին, հովանաւորութեամբ թեմի առաջնորդ Օշական եպիսկ. Կիւլկիւլեանի, Առաջնորդարանի առընթեր գործող Հայ դատի յանձնախումբը՝ Պաղտատի մէջ գործող Հայ միութենական հաստատութեանց մասնակցութեամբ, ՀԲԸՄ-ի սրահին մէջ կազմակերպած է գրական-գեղարուեստական յուշերեկոյթ նուիրուած՝ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:
Ձեռնարկի ընթացքին հնչած են Հայրենասիրական երգեր, բանաստեղծութիւններ եւ օրուան պատշաճ թէ՛ հայերէն եւ թէ՛ արաբերէն լեզուներով ոգեշնչող խօսքեր։
Ներկայ եղած են իրաքահայ թեմի նախկին առաջնորդ Աւագ արք. Ասատուրեան, հոգեւորականաց դասը, Հայաստանի դեսպան Ռուբէն Սողոյեան, Պաղտատի մէջ գործող հայ միութենական հաստատութիւններու ներկայացուցիչները, ՀՄԸՄ-Ի եւ ՀԲԸՄ-ի սկաուտութիւնը, ինչպէս նաեւ օտար գիտաշխատողներ եւ հիւրեր:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։