Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պայրամով. «Ազերպայճան օրինական ակնկալիքներ ունի Հայաստանէն» 

Մայիս 10-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ իր երկիրը «օրինական ակնկալիքներ ունի Հայաստանէն»՝ աւելցնելով, որ շփումներ կա՛ն հայկական կողմին հետ:

“Ակնկալիքները կ՚առնչուին Հայաստանի սահմանադրութենէն Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները բացառելու, ինչպէս նաեւ Մինսքի խումբը լուծելու հարցերուն”,– ըսած է ան։

Նշենք, թէ մէկ օր առաջ Հայաստանի ԱԳ նախարարն ալ յայտնած էր, թէ ազերպայճանական կողմին հետ «խօսակցութիւն կայ»: Ընդունելով, որ յառաջընթաց չկայ, Արարատ Միրզոյեան չէր բացառած նաեւ, որ յառաջիկային «հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրման հարցով թերեւս լաւ լուրեր ըլլան»: