Ան կրկին պնդած է, թէ Բերձորի միջանցքը բաց է
Փետրուար 25-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով Պաքուի մէջ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ներկայացուցչութեան ղեկավար Տրականա Քոժիչի հետ քննարկած է «Լաչինի ճամբուն շուրջ ստեղծուած կացութիւնը»։ Լուրը հաղորդած է Ազերպայճանի դիւանագիտական գերատեսչութիւնը։
Աղբիւրին համաձայն՝ Պայրամով «գոհունակութիւն յայտնած է Լաչինի ճամբով կառքերու, ի շարս որոնց՝ Կարմիր Խաչի, ապրանքներու և քաղաքացիներու ազատ տեղաշարժին կապակցութեամբ»։ Ան կրկնած է, թէ անհիմն են Լաչինի միջանցքի փակման եւ անոր հետեւանքով ստեղծուած մարդասիրական լարուած իրավիճակի մասին հայկական կողմին պնդումները։