Գրեց՝ Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
Անորոշութեան մը մէջ, ինքնակորոյս, ամբողջ ժողովուրդով մը խեղդուելու վրայ ենք քաղաքական եւ դիւանագիտական ալեկոծ ջուրերու մէջ։ Առածը կ՚ըսէ.-«Ջուրին մէջ խեղդուողը, օձին անգամ կը փաթթուի»։ Կ՚երեւի թէ հասած ենք խեղդուելու այն աստիճանին որ խաղաղութեան դաշինքի համար կը փաթթուինք, կը կառչինք այն դրացիին՝ որ Հայոց բնաջնջումը շարունակելու ծրագիրէն ո՛չ միայն չէ հրաժարած, այլ անկէ թիզ մը անգամ շեղելու տրամադրութիւն չունի։ Առածը չ՚ըսեր միւս կողմէ թէ օձին փաթթուած խեղդուողը ջուրէն դուրս ելած ատեն, պաշտպանուա՞ծ է խայթոցի փորձանքէն։ Հարիւր եւ քիչ մը աւելի տարի առաջ Հայերու փորձառութիւնը, խայթոցէ թունաւորուած, մահուան փորձառութիւն է։
Հարաւային Կովկասի մէջ, զարմանալի ճշգրտութեամբ հարիւր տարի վերջ, աշխարհաքաղաքական վիճակը կը կրկնուի, Ռուսաստանի, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ, Հայաստանի ճակատագրային անորոշութեամբ։
Ինքնակորոյս այս կացութեան առջեւ, Հայաստանի իշխանութիւնը պատէ-պատ կը զարնուի, Ռուսաստանի, Արեւմուտքի, Ամերիկայի միջեւ, եւ մեծ դժուարութեան առջեւ կը գտնուի, չըսելու համար անկարողութեան, քաղաքական ուղեգիծ մը ճշդորոշելու դերին մէջ։ Օր մը Ռուսաստանի հետ, ուրիշ օր մը Արեւմուտքի հետ, հետեւեալ օր մը՝ Ամերիկայի։ Մեծերը չեն սիրեր ասիկա։ Յստակ դիրքորոշում կը պահանջեն հնազանդութեան անկեղծ ոգիով։ Իսկ ինչպէս դէպքերը ցոյց կու տան, որոշ չափով Հայերն ալ կորսնցուցած են իրենց վստահութիւնը մեծերու հանդէպ, Հայերն ալ չեն գիտեր ո՞ր մէկուն վստահին եւ որո՞ւ ձեռք երկարեն։
Իրաց այս կացութեան առջեւ, չափէն դուրս տկարացած Հայաստանը մատնուած է անելի։ Ւսկ Աստուած գիտէ իւրաքանչիւր խղճամիտ Հայու հոգեկան վիճակին վրայ ինչքան ծանր կը կշռէ այս անել կացութիւնը։ Շատ է թիւը անձկութեան մատնուած հայորդիներու։
Վերջապէս Կառավարութիւն, Ազգային ժողով, ընդդիմադիրներ, երեսփոխան կամ ոչ, խորհրդատու փորձագէտներ երբ բոլորը միասին ելք մը չեն գտներ, ըստ երեւոյթին ճգնաժամը տարերայնօրէն ծնունդ կու տայ Ռուբէն Վարդանեանի պէս անհատներու, որոնք յանդուգն քայլի կը դիմեն։ Որպէս կրօնաւոր, հոս պիտի նախընտրէի աւելի կրօնական բանաձեւ մը օգտագործել… Այն պահուն երբ Աստուծոյ կամքին մէջն է ազգի մը պատուհասէ փրկութիւնը, այն պարագային Աստուած քարերէն իսկ Աբրահամի որդիներ դուրս կը հանէ։ Ինչու չէ Հայաստանի սարերէն ընտրեալներ մէջտեղ կը բերէ։
Ռուբէն Վարդանեանի անհատական յանդուգն քայլը, Արցախ հաստատուելու որոշման, վարքագիծ մը ճշդորոշելու ազդանշանը չէ՞ միթէ։ Հաւանաբար։ Տարբեր մակարդակի վրայ։ Ինչու չէ։ Ինչո՞ւ չփնտռել այլ հաւանականութիւն եթէ այլ հաւանականութիւն մը կը նպաստէ թնճուկէն դուրս գալու եւ երաշխաւորելու Հայոց անվտանգութիւնը։ Ի վերջոյ մեր իշխանութեան մեծերու հետ դիրքորոշման հարցը աղերսուած է մանաւանդ Հայոց անվտանգութեան էական հարցին հետ։ Վարդանեանի որոշումը մատը կը դնէ քաղաքականօրէն ճիշդ վէրքին վրայ, բարոյական երեսով։ Վտանգուած է Հայոց ազգին գոյութիւնը։ Լինել-չլինելու պայքարի հետ դէմ-յանդիման է դրուած խնդիրը։ Անդունդի եզրին է կ՚ըսուի Հայոց գոյութիւնը։ Հոգեբանօրէն ճնշուած հասարակութիւնը կարիքն ունի ոգեշնչող քայլի։ Քաղաքական դիրքորոշումի տեսակ մըն է Ռուբէն Վարդանեանի արարքը որ այպանելի չէ, մանաւանդ իր գործնական մտադրութեամբ։ Սխա՞լ է միթէ երբ քաղաքական փայլուն վերլուծումներու ժամանակը չէ, կ՚ըսէ Վարդանեան, այլ՝ գործելո՛ւ։ Վերականգնել հասարակութեան կոխկռտուած արժանապատւութիւնը, պաշտպանել արհամարհուած իրաւունքի արդարութիւնը։
Մարդիկ կան որոնք կասկածանքով կը նային այս քայլին, ուրիշներ անհատական կ՚որակեն նախաձեռնութիւնը, այսուամենայնիւ քայլը կը բնորոշէ քաղաքական ներքին վարքագիծ մը, որմէ շատ դժգոհ է հակառակորդը։ Այն աստիճան դժգոհ, որ իր զայրոյթին մէջ անզուսպ, պետական մարդու ոչ-վայել ածականներով, ան վարկաբեկեց Ռուբէն Վարդանեանը, ինչ որ փաստեց Վարդանեանի որոշումին ուժը եւ զօրութիւնը։ Ռուբէն Վարդանեանը օրինակը տուաւ ճգնաժամու մէջ որոշում կայացնելու քաջութեան։ Իսկ գործին յաջողութիւնը կախում ունի այլեւս խելացի ղեկավարման եղանակէն։
Այն բանը որ թերեւս ամէնէն շատ կը խանգարէ Ալիեւը, Ռուբէն Վարդանեանի քաջաբար տուած պատասխաններն են հարցազրոյցներու ընթացքին, որու հետ բանակցութիւններ վարելու համար կանխազգաց ունենալիք դժուարութիւնները։ Մեծ հաւանականութեամբ հասկցաւ թէ պիտի չկարենար գոռոզաբար յոխորտալ։ Ուստի մեծ հրամայական մըն էր պահանջել Վարդանեանի պաշտօնէն հեռացումը։
Ինչ որ բարեբախտութիւն է Ռուբէն Վարդանեանի մօտ, հասարակութեան ծառայելու տրամադրութիւնը չէ կապած պաշտօնի հետ։ Զինուոր եմ, կ՚ըսէ։ Իսկ էթիքով առաջնորդութիւնը գործի յաջողութեան սկիզբն է։
Վարդանեանի ինքնորոշումը, ինքնակորոյս քաղաքական եւ դիւանագիտական անորոշութեան վիճակի մէջ, ներքին քաղաքական ուղղութիւն մը կը գծէ ազգին անվտանգութեան պաշտպանութեան տեսակէտէն։
Փետրուար 23-ի նիստին ի միջի այլոց ան կ՚ըսէր,– «Եկել եմ Արցախ, որովհետեւ զգում եմ, որ մենք կանգնել ենք անդունդի եզրին՝ մինչեւ վերջ չգիտակցելով իրավիճակը։ Ինձ համար դա Սարտարապատ էր։ Երբ ասում եմ Սարտարապատ, ես հասկանում եմ ճգնաժամ, ուրիշ օրակարգ, եւ ինձ համարում եմ զինուոր, որն անում է ամէն ինչ, ինչ պէտք է հայրենիքի փրկութեան համար… Պայքար՝ նշանակում է, որ մենք ամէն օր հասկանանք, թէ որոնք են մեր թոյլ եւ ուժեղ կողմերը, ինչպէ՛ս պէտք է ամրապնդենք մեր դիրքերը, ինչպէ՛ս կարողանանք օգտագործել մեր սահմանափակ աղբիւրները»։
Պահն է երկինք նայելու, հողին ձայնը լսելու եւ ճակատագրական սխալներ չգործելու։ Ժողովուրդ Հայոց, քննէ՛ խղճմտանքդ, ժամն է համագործակցութեան եւ աջակցութեան։ ■