Մարտ 2-ին, պաշտօնապէս բացուեցաւ Թումօ Կապանի հիմնական շէնքը՝ Սիւնիքի հարաւային շրջանին մէջ Թումոյի կրթական ցանցը ամբողջացնող կեդրոն-հանգոյցը։ Կեդրոնը տեղակայուած է Կապանի երկաթուղային կայանի շէնքին մէջ, որ պահպանելով պատմական եւ ճարտարապետական իւրայատկութիւնը, վերածնած է իբրեւ նորարարական հանգոյց։ Կեդրոնը, Մեղրիի եւ Քաջարանի Թումօ տուփերուն հետ կրթական ցանց կազմելով, պիտի ծառայէ շուրջ 2.500 պատանիներու։ Թումօ Կապան այսուհետեւ պիտի յաճախեն պատանիներ նաեւ Գորիսէն, ուր պիտի բացուի Թումօ տուփ եւ ուսանողները պիտի ապահովուին փոխադրամիջոցներով։
Թումօ Կապան ծրագիրը կ’իրագործուի Կապանի համայնքապետարանին, Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) «Դիմակայուն Սիւնիք թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեան եւ Թումոյի նուիրատուներ Ճուտիթ Սարեանի եւ Վիքթոր Ծառուկեանի հետ գործակցութեան շնորհիւ։ Մեղրիի եւ Գորիսի տուփերու հովանաւորներն են Քաշեան ընտանիքը եւ «ContourGlobal» ընկերութիւնը։
Նոր կեդրոնի դռները պաշտօնապէս բացին Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի դեսպան Վասիլիս Մարակոս, Կապանի համայնքապետ Գէորգ Փարսեան եւ Թումոյի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։ Ներկայ էին պետական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, Թումոյի եւ համայնքի միջազգային ու տեղացի գործընկերներ, կեդրոնի ուսանողական եւ ծնողական մարմինները եւ հանրութիւնը։
Քաղաքապետ Գէորգ Փարսեան ողջունեց Կապանի բոլոր հիւրերը եւ շնորհաւորեց Թումօ Կապանի շէնքի պաշտօնական բացման առթիւ․ “Շատ ուրախ ենք, որ Թումօ կեդրոնը կը հիմնադրուի հոս, որովհետեւ ժամանակին երկաթուղին մեզի համար եղած է ոչ միայն փոխադրական կարեւոր հանգոյց, այլեւ նպաստած է մեր ամբողջ տարածաշրջանի տնտեսութեան եւ մշակոյթի հզօրացման։ 21-րդ դարուն չափազանց կարեւոր է գիտելիքներու վրայ հիմնուած տնտեսութեան եւ արհեստագիտութիւններու զարգացումը։ Եւ յոյս ունիմ, որ մեր պատանիները պիտի օգտագործեն այս հնարաւորութիւնը՝ կերտելու Կապանի վաղորդայնը”։
ԵՄ-ի դեսպան Վասիլիս Մարակոս նշեց․ “Մարդկային դրամագլուխի, հմտութիւններու, նորարարութեան եւ տարածքային համաչափ զարգացման մէջ ներդրում ունենալը մեզի համար կարեւոր առաջնահերթութիւն է։ Այս համածիրին մէջ մեծ ուրախութիւն եւ պատիւ է, որ այսօր Կապանի մէջ կը բանանք Թումօ կեդրոն։ Ան իր դռները կը բանայ ճարտարապետական ժառանգութեան գոհար հանդիսացող շէնքի մը մէջ, որ պահպանուած եւ արդիականացուած է։ Բացումը կը միացնենք Բարեկենդանի հետ։ Այսպէսով, մենք ցոյց կու տանք մշակոյթի եւ տօներու հանդէպ մեր գնահատանքը”։
“Թումօ Կապանը Հայաստանի մէջ նորարարութեան եւ տարածաշրջանային զարգացման աջակցելու ԵՄ-ի յանձնառութեան դրսեւորումն է։ Կեդրոնը ոչ միայն պիտի օգնէ երիտասարդներուն ձեռք բերել այն հմտութիւնները, որոնք անհրաժեշտ են տեղւոյն վրայ յաջողութեան հասնելու համար, այլեւ պիտի նպաստէ Սիւնիքի մարզի կայուն տնտեսական զարգացման եւ դիմադրականութեան ամրապնդման։ Թումոյի հետ մեր գործակցութիւնը ԵՄ-ի համագործակցութեան ընդարձակ ծրագրի կարեւոր մէկ մասն է, որ ուղղուած է մարդկային դրամագլուխի զարգացման միտող ներդրումներուն, տեղական տնտեսութիւններու ամրապնդման եւ յաջորդ սերունդի նորարարներու ու ձեռներէցներու պատրաստութեան, որոնք պիտի ձեւաւորեն Հայաստանի ապագան”,– աւելցուց դեսպանը։
“Սիւնիքի բոլոր պատանիները՝ կեանքեր վերափոխող թումոյական ուսումնական փորձառութեամբ ապահովելու մեր նպատակին հասնելու համար ճամբայ ելանք 2021-ին մէկ Թումօ տուփով՝ այժմ հասած ենք կրթական ցանցի։ Այս ծաւալուն ծրագիրը իրականութիւն դարձաւ ամուր գործընկերութեան շնորհիւ. Թումօ յաջողեցաւ գնել տարիներ առաջ սեփականացուած շէնքը, համայնքն ու ԵՄ-ը միացուցին իրենց ուժերը «Դիմակայուն Սիւնիք թիմ Եւրոպա» նախաձեռնութեամբ, մեզի միացան մեր հաւատարիմ բարեկամները՝ Ճուտիթն ու Վիքթորը։ Յատկանշական է, որ այսօր կը յայտարարենք երկար սպասուած նորութիւնը Գորիսի Թումօ տուփին մասին, որ պիտի աշխատի «ContourGlobal» ընկերութեան հետ գործակցութեամբ։ Սիւնիքի մէջ Թումոյի կրթական ցանցը ամբողջացնելու համար մեզի կը մնայ միայն հիմնել Սիսիանի կեդրոնը եւ յարակից տուփերը։ Յոյս ունինք, որ այդ մարտահրաւէրն ալ պիտի յաղթահարենք՝ վստահելի գործընկերներ գտնելով”,– նշեց Թումոյի գործադիր տնօրէն Մարի Լու Փափազեան։
Թումօ Կապանի կրթական տարածքը պիտի չսահմանափակուի միայն մէկ շէնքով։ Շինարարութիւնը կը շարունակուի եւ շուտով պիտի բացուին նորակառոյց մասնաշէնքերը։ Մինչ այդ, կրթական գործընթացը պիտի շարունակուի նաեւ շէնքին դրացնութեամբ գործող առժամեայ կեդրոն-տուփերուն մէջ։
Թումօ Կապանը յատուկ փորձառութիւն պիտի ըլլայ ոչ միայն պատանիներու, այլեւ ամբողջ համայնքին համար։ Հոս պիտի գործէ նաեւ Թումօ «լապ»-եր (գիտաշխատանոցներ) ծրագիրը, որ նոյնպէս կ’իրականացուի ԵՄ-ի հետ գործակցութեամբ։ 18-էն մեծ անձերու համար ծրագրի շրջանակին մէջ կ’առաջարկուին գործնական ծրագրեր արհեստագիտութիւններու, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան ոլորտներուն մէջ։ Կապանի մէջ առաջին հերթին պիտի սկսի գործել ինքնուսուցման (առանձին) ծրագիրը. Թումօ լապերը պիտի կողմնորոշեն եւ օգնեն ուսանողներուն, որոնք պիտի կարենան 0-էն անվճար սորվիլ մեքենայական ուսուցում, Python կամ JavaScript ծրագրաւորման լեզուները` առցանց արձանագրուելով Թումօ լապերու կայքին միջոցաւ՝ tumolabs.am։ Աւելի՛ն, շէնքին մէջ պիտի գործեն նաեւ միջոցառումներու, համատեղ աշխատանքի եւ ուսուցման համար յարմարցուած տարածքներ։
Ապագայ ճարտարապետ 16-ամեայ Լուիզան թումոցի է Կապանի առաջին Թումօ տուփի բացման օրէն։ Ան նոյնպէս ներկայ էր կեդրոնի բացման եւ անհամբեր կը սպասէր շէնք մտնելու իր կարգին․ “Շատ սպասեցինք այս բացումին, որ մեզի նոր կարելիութիւններ պիտի ընձեռէ։ Թումօն նպաստեց արհեստիս ընտրութեան։ Ուրախ եմ, որ մեր կայանի շէնքը պահպանած է իր պատմական շունչը”։
Պաշտօնական բացման օրը համատեղուեցաւ Թումոյի տօնացոյցի սիրուած ձեռնարկին՝ Բարեկենդանի հետ։ Թումոյական ոճով տօնակատարութիւնը ներառեց Թումոյի շրջանաւարտներու եւ մասնագէտներու մասնակցութեամբ գեղագրութեան ներկայացում եւ մաղատպագրութեան (sérigraphie) աշխատանոց, աւանդական երգ-պար-դիմակահանդէս, «Որոտնա» ազգային երգ ու պարի համոյթի եւ «Կաթիլ» ֆոլք խումբի կատարումներ։ Ներկայացուեցաւ նաեւ Թումոյի մշակութային ժառանգութեան թուայնացման ծրագրի աշխատանքը. մասնակիցները զօրութենական (virtuel) շրջագայութիւն կատարեցին Թումոյի թուայնացուցած Սիւնիքի պատմամշակութային յուշարձաններուն մէջ։
Երեկոյթը աւարտեցաւ Միսաք Սամոկատեանի եւ Շահէն Խանտկարեանի ձայնատեսողական ներկայացումով, որ նուիրուած էր Կապանի երկաթուղային կայանի շէնքի պատմութեան ու վերածնունդին։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։