Մարտ 26-ին, Ազգային ժողովին մէջ, Պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան անդրադառնալով վերջին օրերուն սահմանամերձ գիւղերուն մէջ հնչող կրակոցներու դէպքերուն՝ ըսած է. “Վերջին օրերի կրшկոցների տեսանիւթերը դիտել եմ, դրանք վտանգ չեն պարունակում։ Ես երէկ հետեւել եմ լրահոսին, տեղեակ եմ գրառումներից։ Այս ուղղութեամբ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ, թէ սահմանի երկայնքով լինում են դէպքեր, կան կրակոցներ, սակայն դրանք Հայաստանի ուղղութեամբ չեն։ Դրանք այն դէպքերն են, որոնք մեր կողմից յայտարարութեան չեն արժանանում։ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հետեւում է ամէնին եւ կարծում ենք, որ լուծման ճանապարհը դիւանագիտական է, մենք հարցի կարգաւորումը հէնց այդ կերպ ենք պատկերացնում եւ իրականացնում”։
Նշենք, թէ Սիւնիքի մարզի սահմանային երկու գիւղերէն՝ Խնածախէն ու Խոզնավարէն գիւղացիիները կը հաղորդեն, թէ ազերպայճանական կողմը արդէն 6-րդ օրն է, որ գիշերուան ժամերուն կը կրակէ, երբեմն նաեւ շինութիւններու կամ դաշտերու ուղղութեամբ:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։