Երեւանի «Կարէն Դեմիրճեան» մարզահամերգային դահլիճին մէջ Դեկտեմբեր 11-ին տեղի ունեցած «Պատանեկան Եւրոտեսիլ 2022»-ի եզրափակիչ փուլին Ֆրանսա գրաւեց առաջին տեղը՝ Լիսանտրոյի Oh Maman ! երգով, իսկ Հայաստանի ներկայացուցիչ Նարէ Ղազարեան երկրորդ հանդիսացաւ, ներկայացնելով Dance երգը։
«Պատանեկան Եւրոտեսիլ»-ը այս տարի կը տօնէր իր 20-ամեակը։ Այս տարուան խորհրդանիշը գունազարդ հոլն էր, իր «Կախարդանք» կարգախօսով։ Մրցոյթին մասնակցեցան 16 երկիրներ՝ Ալպանիա, Իռլանտա, Իտալիա, Սպանիա, Լեհաստան, Հայաստան, Հիւսիսային Մակեդոնիա, Ղազախստան, Մալթա, Նետերլանտներ, Փորթուկալ, Սերպիա, Ուքրաինա, Միացեալ Թագաւորութիւն, Վրաստան, Ֆրանսա: