Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պատերազմի վերսկսելու հաւանականութիւնը կը բարձրանայ

Ապրիլ-Մայիս ամիսներուն Հայաստան-Ազերպայճան անդադար բանակցութիւններու մէջ էին, տարբեր միջազգային դերակատարներու նախաձեռնութեամբ։ Նախ ամերիկեան՝ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Արլինկթընի քառօրեայ բանակցութիւնները։ Յետոյ պրիւսէլեան՝ Շառլ Միշէլի հրաւէրով, որու ընթացքին Հայաստան եւ Ազերպայճան ճանչցան մէկզմէկու հողային ամբողջականութիւնը։ Եւ երրորդը, Մոսկուայի մէջ նախագահ Փութինի նախաձեռնութեամբ, որմէ ետք Ալիեւ Արցախի եւ Հայաստանի հանդէպ իր ռազմական եւ հռետորական յարձակումները սաստկացուց ոտնահարելով միջազգային օրէնքի բոլոր կանոնները։ Մայիս 26-ին Հայաստանի սահմանը անցնելով առեւանգեց հայ երկու զինուոր։ Լաչինի մէջ, Մայիս 28-ի օրը ընտրեց Արցախի կառավարութեան եւ երեսփոխաններուն ներում շնորհելու պայմաններու եւ Արցախի Հանրապետութիւնը հիմնովին կազմալուծելու իր ծրագիրը յայտարարելու համար. «Բոլորը գիտեն, որ այսօր այս տարածաշրջանին մէջ, մենք ամէն կարելիութիւն ունինք՝ գործողութիւններ (իմա՝ զինեալ) կատարելու համար։ Այդ պատճառով խորհրդարանը (Արցախի) պէտք է լուծարուի, իսկ ան որ ինքզինք նախագահ կ՚անուանէ, պէտք է յանձնուի։ Բոլոր նախարարները, երեսփոխանները պէտք է հեռացուին իրենց պաշտօններէն։ Միայն այդ պարագային մենք անոնց նկատմամբ զիջումներ կը կատարենք։ Միայն այդ պայմանով համաներման մասին կարելի է խօսիլ»։

Ալիեւ, որ յատուկ հրաւիրեալ մըն էր Մոսկուայի մէջ 25 Մայիսին կայացած ԵԱՏՄ-ի տնտեսական համագումարին,– Ազերպայճան անդամ չըլլալով այդ կառոյցին,– յայտարարեց, որ Ռուսաստան բոլորովին համամիտ է Բերձորի միջանցքի Հակարի կամուրջին ազերական սահմանային անցակէտի տեղադրումին, որ կը գտնուի ռուսական ռազմակայանէն 20 մեթր հեռաւորութեան վրայ։ Իսկ «Զանգեզուրի միջանցք» եզրի գործածութեան դէմ վարչապետ Փաշինեանի հակազդեցութեան քմծիծաղով պատասխանեց, յայտնելով որ այս կէտին շուրջ եւս Ռուսաստան համաձայն է։ Նախագահ Փութին՝ Փաշինեան-Ալիեւ բանավէճին հակազդեց, ըսելով որ եզրերու սահմանումներուն մէջ տարբերութիւններ կան, սակայն կարեւորը այն է, որ հողային ամբողջականութեան մասին սկզբունքային համաձայնութիւն գոյացած է։ Չհերքելով Ալիեւի պնդումները, որոնք երկուքն ալ հակոտնեայ են Նոյեմբեր 9-ի համաձայնագրի տրամադրութիւններուն, Փութին լռելեայն հաստատեց Ռուսաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող բացարձակ համախոհութիւնն ու գործակցութիւնը։ 

Մայիս 25-ի նշեալ վեհաժողովին նախագահ Փութին քանի մը անգամ շեշտեց ԵԱՏՄ-ի անդամ երկիրներու միջեւ ապրանքի շրջանառութեան ծաւալներու աճը, մա՛նաւանդ անկէ Հայաստանի քաղած առաւելութիւնը եւ անոր ձեռք բերած բացառիկ 12 տոկոս տնտեսական աճը։ Շատ կարեւոր շեշտադրում մը՝ Ռուսաստանէն Հայաստանի տնտեսական կախուածութիւնը ընդգծող եւ միաժամանակ յատուկ հրաւէր մը Ազերպայճանին, որ անդամակցի այդ կառոյցին, որուն Հայաստան դեռ չէ հակազդած։ 

Իսկ Ալիեւ աւելի հեռու երթալով, անտեսելով բանակցութիւններու ընթացքին ընդունուած որոշումները, նոյնիսկ միջազգային դերակատարները ծաղրելով, յայտարարեց. «Ապրիլ 23-ին տեղադրուած սահմանային անցակէտը պէտք է դաս ըլլայ Ղարաբաղի մէջ այսօր ապրող Հայերուն։ Ցաւօք սրտի, դեռ չես գիտեր որու վրայ յոյս դրած են. կարծես մէկը պիտի գայ ու պիտի փրկէ, մէկը որ պիտի գայ ու պատերազմի Ազերպայճանի դէմ։ Այս ամէնը անհեթեթութիւն է։ Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի ընթացքին մենք դրսեւորեցինք հզօր կամք, եւ եթէ այն ժամանակ դուրսէն ոչ ոք համարձակեցաւ միջամտել, ապա այսօր, մինչ մենք դարձած ենք այս բոլոր հողերուն տէրը, ո՞վ Հայերուն փոխարէն պիտի գայ եւ կռուի մեր դէմ»։

Յունիսի սկիզբը ծրագրուած է Քիշնեւի մէջ Շառլ Միշէլի, Էմանիւէլ Մաքրոնի եւ Օլաֆ Շոլցի մասնակցութեամբ հանդիպումը։ Յաջորդական չորրորդ ժողովը… Պատերազմի վերսկսման հաւանականութիւնը երթալով կը բարձրանայ, մա՛նաւանդ, երբ բանակցութիւններուն զուգահեռ խուլ ռազմական գործողութիւնները կը շարունակուին, միջազգային դերակատարներու խիստ կրաւորական հակազդեցութեան դիմաց։ 

Ժ.Չ. ■