2021 Մայիս 28-ին Ուքրաինայի նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի շնորհաւորական նամակ մը յղած էր Իլհամ Ալիեւին՝ 1918-ին Ազէրպայճանի առաջին Հանրապետութեան տարեդարձին առթիւ, ուր ի միջի այլոց կը պաշտպանէր Ազէրպայճանի հողային ամբողջականութիւնը եւ յոյս կը յայտնէր որ իւրաքանչիւր Ազէրպայճանցի կ՚աջակցի այդ նպատակին հասնելու ջանքերուն։
Ստորեւ հատուած մը նշեալ նամակէն.-
«Ուքրաինա բարձր կը գնահատէ մեր երկիրներուն միջեւ առկայ ռազմավարական գործընկերութիւնը, Ուքրաինայի եւ Ազէրպայճանի ժողովուրդներուն միջեւ աւանդական ամուր կապերը, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներու մէջ՝ երկու կողմերու համագործակցութիւնը հետագային զարգացնելու կամքը… Մեր պետութիւնը միշտ կ՚աջակցի Ազէրպայճանի Հանրապետութեան հողային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան, անոր՝ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններուն մէջ։ Համոզուած եմ, որ իւրաքանչիւր Ազէրպայճանցի նեցուկ պիտի կանգնի ձեր ղեկավարութեան, որ վճռած է հասնիլ այս նպատակին»։ ■