Ազերպայճանական azerisport.com-ի համաձայն՝ Պարսելոնայի ֆութպոլի ակումբի նախագահ Եոան Լափորթա եւ ակումբի ղեկավարութեան անդամներ այցելած են Պաքու, ուր զիրենք ընդունած է Ազերպայճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ։
Աղբիւրին համաձայն՝ հանդիպման աւարտին կողմերը յայտարարած են, թէ փաստաթուղթ մը կը ստորագրուի Ազերպայճանի մէջ Պարսելոնայի ֆութպոլի ակադեմիա ստեղծելու մասին։
Նշենք, թէ սա Լափորթայի՝ Պաքու կատարած առաջին այցելութիւնը չէ։ Անցեալ Նոյեմբերին ան մասնակցած էր COP29 համաժողովին՝ նաեւ քննարկելով ակումբի նիւթականին առնչուող հարցը։
Լիոնէլ Մեսիի, Լուիս Սուարէզի, Սերխիո Պուսքեցի եւ Խորտի Ալպայի նման, ան ալ 2024-ին այցելած էր հերոսներու պողոտայ՝ Հեյտար Ալիեւի գերեզմանին, հոն պսակ մը զետեղելու համար։
Այս գործողութիւններով, Պարսելոնայի ակումբը ընդմիշտ պղծած է քաթալոնական ժողովուրդի արժէքները, զորս ան կը յաւակնի ներկայացնել։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։