Մարտ 31-ին, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Գերմանիոյ դեսպանին բողոքագիր մը յղած է նախագահ Շթայնմայերի կողմէ ընկերային ցանցերու մէջ Արցախի դրօշի հրապարակման առնչութեամբ։ Լուրը կը հաղորդէ այդ երկրի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
Նշենք, թէ տարածաշրջան այցելութեամբ Երեւան գտնուող Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր ընկերային ցանցերուն մէջ լուսանկար մը հրապարակած է Արցախի դրօշով եւ անդրադարձած արցախահայութեան նիւթին։ Հրապարակման կից նախագահը յատկապէս ընդգծած է, թէ Արցախը բնակեցուած էր մեծամասնութեամբ հայերով։
Յաջորդ օրը՝ Ապրիլ 1-ին, Գերմանիոյ նախագահի աշխատակազմի ղեկավարը ներողութիւն խնդրած է Ազերպայճանէն՝ նախագահ Շթայնմայերի պաշտօնական ընկերային ցանցի էջին մէջ Արցախի Հանրապետութեան դրօշի լուսանկարի հրապարակման եւ արցախցիներու նիւթին անդրադառնալուն համար: Լուրը կը հաղորդեն ազերպայճանական լրասփիւռները։
«Սխալը յայտնաբերելուն պէս համապատասխան հրապարակումը անմիջապէս ջնջուած է: Հրապարակումը կատարուած է թեքնիք սխալի հետեւանքով եւ որեւէ նշանակութիւն չունի Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութեան մասին Գերմանիոյ յայտնի դիրքորոշման շրջանակին մէջ: Ես շատ վրդոված եմ այդ սխալէն եւ կ՚ուզեմ անկեղծօրէն ներողութիւն խնդրել ա՛յն սխալ տպաւորութեան համար, որ վերոյիշեալ հրապարակումը գործած է Ազերպայճանի մէջ որոշ մարդոց վրայ: Նախագահին յառաջիկայ այցելութիւնը նպատակ ունի ամրապնդելու Գերմանիա-Ազերպայճան գործընկերութիւնը եւ աջակցելու տարածաշրջանին մէջ ընթացող խաղաղութեան հոլովոյթին»,– յատկապէս ընդգծուած է Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմէթ Հաճիեւին ուղղուած նամակին մէջ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։