Պաքուի մէջ կը շարունակուի Արցախի ղեկավարներու շինծու դատավարութիւնը

Մարտ 13-ին, Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ շարունակուած է Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան շինծու դատավարութիւնը։ Ըստ ազերպայճանական լրասփիւռներուն՝ դատական նիստին ցուցմունքներ տուած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակի զօրավար Դաւիթ Մանուկեան։

Ազերպայճանցի դատախազները անոր մասնաւորաբար հարցումներ յղած են Արցախեան պատերազմին Ժիրայր Սեֆիլեանի մասնակցութեան մասին։ Հարցումին՝ արդեօք տեղեա՞կ էր, որ Սեֆիլեան ծնած է Պէյրութ, Մանուկեան պատասխանած է՝ գիտէր միայն, որ ան ժամանած է Արեւմտեան Հայաստանէն եւ Հայաստանի քաղաքացի է։

Ինչպէս ծանօթ է, Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարութիւնը Պաքուի մէջ կը շարունակուի փակ դռներու ետին, մի՛այն ազերպայճանական պետական ու պետութեան կողմէ վերահսկուող լրասփիւռներու ներկայութեամբ։ Անկախ աղբիւրներէ կարելի չէ ճշդել գերութեան մէջ դատուող հայերուն վերագրուող յայտարարութիւնները, ոչ ալ այլ հանգամանքներ, որոնք անկասկած կրնան էական կարեւորութիւն ունենալ: