Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խորհրդական Հիքմեթ Հաճիեւ Մարտ 1-ին X-ի իր հաշիւին տեղադրած գրառումով կ՚ամբաստանէ Հայաստանը Հարաւային Կովկասի մէջ ականի մեծագոյն արտադրողը ըլլալու մեղադրանքով։ Ան իր գրառման կից հրապարակած է վիճակագրութիւն մը, ուր կը նշուի թէ 2020-ի պատերազմէն ի վեր Ազերպայճանի մէջ ականներու զոհ գացած է 70 հոգի, որոնց 55-ը՝ խաղաղ բնակիչներ։
«Հայաստան պետական մակարդակով պատասխանատւութիւն կը կրէ այս գործին համար»,– կը գրէ ան։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։