Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պաքու կասեցուցած է ամերիկեան որոշ ընկերութիւններու գործունէութիւնը՝ Արցախի մէջ ծառայութիւններ մատուցելնուն պատճառով

 

ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան Տնտեսական եւ գործարար հարցերու գրասենեակը թարմացուցած է Ազերպայճանի ներդրումային մթնոլորտի վերաբերեալ տուեալները, ակնարկելով նաեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմին: Նշուած է, որ ռուսական կողմի միջնորդութեամբ հաստատուած հրադադարը կը պահպանուի, սակայն լարուած կացութիւնը կը շարունակուի յատկապէս միջազգային սահմանի երկայնքին, որ ամբողջովին սահմանազատուած չէ:

Շեշտուած է, որ Ազերպայճանի կառավարութիւնը կասեցուցած կամ սպառնացած է դադրեցնել ամերիկեան այն ընկերութիւններու գործունէութիւնը Ազերպայճանի մէջ, որոնք արտադրանք կամ ծառայութիւն կը մատուցեն Արցախի։ Պաքու նաեւ արգիլած է Արցախ այցելած որոշ անձերու Ազերպայճան մուտքը։

«ԱՄՆ-ու կառավարութիւնը չի կրնար հրատապ ծառայութիւններ տրամադրել Լեռնային Ղարաբաղի ու շրջակայքի մէջ ԱՄՆ-ու քաղաքացիներուն, քանի որ այնտեղ մուտքը սահմանափակ է»,– նշուած է ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ։