Պաքու կոչ կ’ընէ միջազգային հանրութեան՝ պատասխանատւութեան ենթարկելու Երեւանը՝ «ականազերծման աշխատանքները խոչընդոտելուն համար»

Պաքու կոչ ըրած է միջազգային հանրութեան պատասխանատւութեան ենթարկելու Հայաստանը՝ «ականազերծման աշխատանքները միտումնաւոր խոչընդոտելուն համար»։ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց (ԱԳ) նախարարութիւնը իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ընդգծած է, թէ ականի վերջին պայթումէն (Ապրիլ 6-ին) ազերպայճանցի 4 քաղաքացիներ ծանր վիրաւորուած են, անոնց մէջ՝ երեխաներ։

«2020-ի պատերազմէն ի վեր ականներու պայթումներու հետեւանքով 392 հոգի զոհուած է կամ վիրաւորուած։ Մենք կոչ կ’ընենք միջազգային հանրութեան պատասխանատւութեան ենթարկելու Հայաստանը՝ զանգուածային ականապատման համար, որ նաեւ  խոչընդոտ կը հանդիսանայ Ազերպայճանի ականազերծման ջանքերուն», – նշուած է այդ երկրի ԱԳ նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։