ՊԵԼՃԻՔԱ – «Նեմրութ» խումբի համերգը՝ «Հոգեւոր Հայաստան» բնաբանով

Պելճիքայի Մեխելեն քաղաքը Մարտ 16-ին ականատես եղաւ բացառիկ մշակութային իրադարձութեան մը. «Նեմրութ» աւանդական պարի եւ երգի խումբը հանդէս եկաւ իր առաջին մենահամերգներկայացումով։ Այս ուշագրաւ ձեռնարկը ոչ միայն բարձրացուց հայկական մշակութային ժառանգութեան հանդէպ հետաքրքրութիւնը, այլեւ յուզեց հանդիսատեսը՝ ազգային երգերու ու պարերու կատարումներով։

Համերգին մասնակիցները առիթը ունեցան վայելելու հայկական աւանդական եւ ազգագրական պարերու ամբողջ հմայքը։ Պարերը ներկայացուեցան տարբեր շրջաններու աւանդական տարազներով։ Ներկայացումը կատարուեցաւ կենդանի նուագակցութեամբ, զոր կ՚ապահովէր Հայաստանէն ժամանած «Կարին» խումբը։ Տեսարանները համեմուած էին յուզիչ երգերով, որոնք կը շեշտէին հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնն ու հոգեւոր արժէքները։

Համերգներկայացումը կը կրէր «Հոգեւոր Հայաստան» խորագիրը եւ, ինչպէս նշեց խումբի գեղարուեստական ղեկավար Լիանա Եղունեան, ներշնչուած էր Վահան Տէրեանի նոյնանուն ստեղծագործութենէն։ Ան ինքնին ազգագրական թատրոն էր, որուն հիմքը դրած է 2007-ին Գագիկ Գինոսեան։

Անկարելի է չնշել նաեւ թատերական բեմականացման մէջ հարսի դերը կատարող Անուշ Տէրտէրեանի քնքուշ ձայնն ու առաւել քան բնական խաղը, որ հանդիսատեսին հաղորդեց այն բոլոր զգացումները, զորս կրնար ունենալ նորահարս հայուհին՝ իր ամուսինը պատերազմի ճամբելու ատեն, կամ այրի երիտասարդ մայրը, իր որբացած մանչուկին ռազմի երգով օրօր ըսելու պահուն։

Ձեռնարկի աւարտին հանդիսատեսը երկարատեւ ծափողջոյններով գնահատեց «Նեմրութ» խումբը՝ մեծապէս արժեւորելով անոր կատարած աշխատանքը։

***

«Նեմրութ» աւանդական պարի եւ երգի խումբի՝ հայկական արուեստի խորքը, գեղեցկութիւնն ու հոգեւոր ուժը ներկայացնող  առաջին մենահամերգը մեծ նշանակութիւն ունեցաւ թէ՛ տեղւոյն հայութեան, թէ՛ օտար հանդիսատեսին համար։

«Նեմրութ» խումբը հիմնադրուած է 2019-ին, Մեխելենի մէջ՝ Գագիկ Գինոսեանի աշակերտ, պարուսոյց Լիանա Եղունեանի կողմէ։ Խումբի հիմնական առաքելութիւնն է պահպանել եւ տարածել հայկական աւանդական պարերն ու երգերը՝ նոր սերունդներուն փոխանցելով հին ու հարուստ մշակոյթը։ «Նեմրութ»-ի կազմին մէջ ընդգրկուած են երիտասարդներ, որոնց մեծ մասը ծնած է կամ մանկութեան տարիներուն փոխադրուած է Պելճիքա։ Այս խումբը անոնց համար դարձած է ոչ միայն ինքնութեան պահապան, այլեւ համայնքային կապերը ամրապնդող ուժ։ Խորին երախտագիտութիւն կը յայտնենք Լիանա Եղունեանի նման անձերու, որոնք իրենց նուիրական աշխատանքով կը պահպանեն ու կը հզօրացնեն ազգային ոգին՝ նպաստելով անոր փոխանցման ապագայ սերունդներուն։

Արմինէ Հարէեան