Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊԵԼՃԻՔԱ – Նշուած է Արցախի անկախութեան տարեդարձը

 

Սեպտեմբեր 3-ին, Պելճիքայի Մեխելեն քաղաքի «Անի» միութեան «Հայ տան» շրջափակին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի հանրապետութեան անկախութեան հռչակման 31-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկը, ներկայութեամբ՝  Պելճիքայի մէջ Հայաստանի դեսպանի խորհրդական, Արցախի հարցերու պատասխանատու Իրինա Բեգլարեանի, դեսպանատան խորհրդական Գէորգ Ղազարեանի, Պելճիքայի հայոց հոգեւոր առաջնորդ Հայր Զատիկ վարդապետ Աւետիքեանի, Մեխելենի հոգեւոր հովիւ Արմէն քահանայ Մելքոնեանի եւ  ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ  Գասպար Կարապետեանի։ 

Հանդիսութեան ընթացքին  ներկայացուած են ողջոյնի եւ շնորհաւորանքի խօսքեր, նուիրուած՝ Արցախի անկախութեան տօնին։

Արցախի հանրապետութեան օրհներգին ներքոյ, Հայաստանի եւ Պելճիքայի պետական դրօշներու կողքին բարձրացուած է Արցախի պետական դրօշը։ Այնուհետև ձեռնարկը շարունակուած է համերգային յայտագրով։  Ելոյթ ունեցած  են Մեխելենի «Անի» միութեան պարախումբերը եւ դուդուկահար Անդրանիկ Մուրադեան։  

Նշենք, թէ հանդիսութեան մասնակցած են Մեխելենի, Անվերսի, Պրիւսէլի եւ այլ շրջաններու հայկական համայնքներու բազմաթիւ ներկայացուցիչներ։